Հինգշաբթի, 2 Յունուար 2014 - Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կոչ կ'ուղղէ «եղբայրութեան համաշխարհայնացման»

Վատիկան

2014-ի Խաղաղութեան Համաշխարհային 47-րդ Օրուան առթիւ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը «Եղբայրութիւնը՝ հիմնաքարն ու ճանապարհը խաղաղութեան» խորագրով իր պատգամին մէջ կը յայտնէ թէ եղբայրական համակեցութիւնը՝ ներկայիս տառապող աշխարհին մէջ, կրնայ առաջնորդել խաղաղութեան:

«Դիմագրաւելու համար միջազգային ընտանիքին բոլոր ողբերգութիւնները, ինչպէս՝ աղքատութիւնը, տենչանքը, թերզարգացումը, տագնապները, արտագաղթը,  կենսոլորտի ապականութիւնը, անհաւասարութիւնները, անարդարութիւնը, ծայրայեղութիւնները, եւն... եղբայրութիւնը հիմնաքարն ու ճանապարհն է խաղաղութեան», կը յայտնէ Սրբազան Քահանայապետը:

«Եղբայրութիւնը այն շնորհքն է, որ իւրաքանչիւր տղամարդ եւ կին իր հետ կը բերէ որպէս մարդ արարած եւ որպէս երկնաւոր հօր զաւակ»:

Պատգամը նաեւ կ'ընդգծէ թէ արդի ընկերութեան մէջ տիրող «անհատական բարեկեցութեան մշակոյթ»ը կը մղէ «պատասխանատուութեան եւ եղբայրական յարաբերութեան ոչնչացումին»:

«Այլ մարդիկ, մեզի նման ըլլալու փոխարէն, աւելի հակառակորդներու կամ թշնամիներու կերպարով կը ներկայանան, կամ յաճախ անմարդկային վերաբերմունքի կ'արժանանան: Սովորաբար, աղքատ եւ կարիքաւոր մարդիկ կը ներկայանան որպէս բեռ եւ որպէս խոչընդհոտ բարգաւաճման: Ընդհանրապէս, անոնք օժանդակութիւն եւ կարեկցող աջակցութիւն ստացողներ կը համարուին», կը նշէ Սրբազան Հայրը:

Ան կոչ կ'ուղղէ միասնաբար դէմ կանգնելու անհաւասարութեան եւ աղքատութեան, որոնք կը տկարացնեն ընկերութիւնը, ինչպէս նաեւ հոգալու իւրաքանչիւր անհատ, յատկապէս ամէնէն տկար եւ անպաշտպան անձերը, զանոնք սիրելով մեր անձին պէս եւ Յիսուս Քրիստոսի անսահման սիրոյ նման:

Իր պատգամին մէջ, Սրբազան Հայրը կը հաստատէ եղբայրութեան թանկագին արժէքը, յաղթահարելու համար անտարբերութիւնը աշխարհի տարածքին:
Այնուհետեւ, իր պատգամին միջոցաւ Ան կոչ կ'ուղղէ «եղբայրութեան համաշխարհայնացման», որ իր հետքը կը ձգէ կեանքի բոլոր ոլորտներուն մէջ, ներառեալ՝ տնտեսութիւնը, ֆինանսը, ընկերային հասարակութիւնը, քաղաքականութիւնը, հետազօտութիւնները, զարգացումը, հանրային եւ մշակութային հաստատութիւնները:
   

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ