Հինգշաբթի, 13 Մարտ 2008 - Մեսրոպեանի Աւարտական Դասարանի Աշակերտները պիտի Մեկնին Յորդանան

Պէյրութ, Լիբանան

Click to enlargeԵրեքշաբթի, 11 մարտ 2008-ի առաւօտեան, զբօսանքէն անմիջապէս ետք, երբ մեսրոպեանի աշակերտները կÿուղղուէին քննական սենեակներ, աւարտական դասարանի բոլոր աշակերտները անակնկալօրէն հրաւիրուեցան վարժարանի «Եսայեան» ժողովասրահ՝ հանդիպելու համար տնօրէն Կրեկուար Գալուստին հետ: Տնօրէնը շուտով, օգտուելով համացանցի կարելիութիւններէն, կապ հաստատեց Իտալիոյ Պրեշիա քաղաքի «Տի. Էմ. Էս. Օնլուս» քրիստոնէական բարեսիրական կազմակերպութեան նախագահ, վարժարանի բարեկամներ, տէր եւ տիկին տոքթ. Անճելօ եւ տոքթ. Պարպարա Պոզիոներուն հետ, որոնք մատուցեցին հերթական անակնկալը: Ողջունելով աւարտականները, տոքթ. Անճելօ ըսաւ. «Կը կարծեմ, որ բոլորիդ համար հետաքրքրական պէտք է ըլլայ նախատեսուող ճամբորդութիւնը դէպի Յորդանան, որ կը կազմակերպէ մեր կազմակերպութիւնը մեսրոպեանցի աւարտականներուն համար: Ձեր ընթացիկ քննութիւններուն անմիջապէս աւարտին դուք կը մեկնիք Յորդանան»: Այս յայտարարութիւնը ընդունուեցաւ աշակերտներու բուռն ծափողջոյններով, իսկ աշակերտուհի Թենի Ուզունեան խօսք խնդրելով իր եւ դասընկեր-դասընկերուհիներուն անունով ըսաւ. «Չափազանց շնորհակալ ենք այս գեղեցիկ մտայղացումին համար եւ կը վստահեցնեմ, որ յատկապէս հետաքրքրական պիտի ըլլայ այս ճամբորդութիւնը, որուն ընթացքին մենք պիտի ծանօթանանք նոր երկրի մը, որ ունի հարուստ մշակոյթ»:

Իսկ հանդիպման ներկայ գտնուող հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան, որ, ի դէպ, «Տի.Էմ.Էս. Օնլուս»ի Լիբանանի ներկայացուցիչն է, բացատրեց, թէ յատկապէս ինչո՞ւ կազմակերպութիւնը իբրեւ ճամբորդութեան երկիր ընտրեց Յորդանանը: «Չընտրեցինք Սուրիան՝ մտածելով, որ ձեզմէ շատեր եղած են հոն: Ընտրեցինք Յորդանանը, որ նաեւ հաւատոյ երկիր է՝ հոս է, որ մկրտուեցաւ Յիսուս: Այս ճամբորդութեան նպատակը միայն զբօսաշրջութիւնը չէ, այլ ծանօթացումը հարուստ մշակոյթ ունեցող երկրի մը հետ՝ այդպիսով հարստացնելով նաեւ մեր ընդհանուր իմացական աշխարհը», բացատրեց հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան:

Քանի մը կազմակերպչական թելադրանքներէ ետք տնօրէն Կրեկուար Գալուստ բոլորին մաղթեց յաջողութիւններ ընթացիկ քննութիւններուն, որոնք, ի դէպ, մօտ են իրենց աւարտին: Այսպիսով նաեւ մօտ է ճամբորդութիւնը դէպի Յորդանան, որուն համար թէ՛ տնօրէնը եւ թէ՛ գերյարգելի հայրը շնորհաւորեցին բոլոր աշակերտները


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ