Երկուշաբթի, 20 Սեպտեմբեր 2010 - Յիսուսի Վարշամակը Լիբանանի մէջ


Պէյրութ, Լիբանան

 

Հովանաւորութեամբ
հայ կաթողիկէ Պատրիարքարանին եւ կազմակերպութեամբ
հայ կաթողիկէ ժողովրդապետութիւններուն,  Յիսուսի Վարշամակը Լիբանանի մէջ։

 

Չորեքշաբթի, 22 սեպտեմբեր 2010-ին, սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ, Պուրճ Համուտ, պիտի ցուցադրուի ֆիլմ մը Վարշամակին մասին։

Չորեքշաբթի, 22 սեպտեմբեր 2010-ին, Աւետման Եկեղեցւոյ մէջ Աշրաֆիէ,

ընդունելութիւն Վարշամակին կրկնօրինակին եւ զայն Լիբանան բերող իտալական շքախումբին։

Ուրբաթ, 1 հոկտեմբեր 2010-ին, երեկոյեան ժամը 7-ին, աղօթք եւ խորհրդածութիւն սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ-սուրբ Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, Տըպպաս հրապարակ։

Կիրակի, 3 հոկտեմբերին 2010-ին, Վարշամակը պիտի փոխադրուի Զմմառու Տիրամօր վանք, այս առիթով պիտի մատուցուի ձայնաւոր սուրբ Պատարագ ժամը 10:30-ին:

 

Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալները մերձենալու Յիսուսի Վարշամակի կրկնօրինակին եւ հաղորդուելու Անոր չարչարանքներու խորհուրդին։

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել հայ կաթողիկէ եկեղեցիներու ժողովրդապետներուն՝ ել.նամակ` [email protected]g


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ