Երկուշաբթի, 22 Յունիս 2009 - Սուրբ Փրկիչ Եկեղեցւոյ Սիրտ Յիսուսի Պատարագը

 

 

Լիբանան

Կիրակի, 21 յունիս 2009-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Հայ կաթողիկէ սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ Սիրտ Յիսուսի նուիրուած հայրապետական սուրբ Պատարագ՝ հանդիսապետութեամբ Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին:

Ժողովուրդին ուղղուած իր պատգամին մէջ Հոգեւոր Տէրը շեշտեց, թէ ամէն տարի կը նշուի Սիրտ Յիսուսի տօնը՝ վերանորոգելու համար մեր քրիստոնէական համոզումները եւ արտայայտելու մեր հաւատքը: Ան նկատել տուաւ, որ այս տօնը սկիզբ առած է 1675-ին՝ աւելցնելով, որ Քրիստոսի սէրը մեզի կարողութիւն կու տայ մեր ընկերները սիրելու եւ անոնց կարիքին համար ի սպաս դնելու մեր կարողութիւնները՝ անշահախնդիր կերպով:

«Մեր հայրերը եւ մայրերը, նաեւ մեծ հայրերը եւ մեծ մայրերը հաւատացին Յիսուսի անսահման սիրոյն եւ ընդունեցին անոր կամքը՝ առանց վարանելու, եւ փոխանակեցին Քրիստոսի սէրը մարդկային սիրով՝ անոր ընծայելով նոյնիսկ իրենց կեանքը 94 տարի առաջ», շեշտեց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս Պատրիարք՝ աւելցնելով, որ երանելի Իգնատիոս արք. Մալոյեան յատուկ ջերմեռանդութիւն ունէր Յիսուսի սուրբ սրտին նկատմամբ, ինչ որ զինք պատրաստեց նահատակութեան՝ 15 յունիս 1915-ին, Սիրտ Յիսուսի տօնին: Ան յայտնեց, որ Յիսուսի այս սիրտը այնքան սիրեց մարդիկը, որ ոչինչ խնայեց իր սէրը անոնց արտայայտելու, սակայն երախտագիտութեան տեղ ստացաւ արհամարհանք եւ անարգանք: Եզրակացնելով իր խօսքը՝ հոգեւոր Տէրը հաստատեց, թէ հաւատք ունեցողը կը գնահատէ Աստուծոյ սէրը իրեն նկատմամբ, բարիք կ’ընէ առանց ցուցամոլութեան եւ խոնարհ կ’ըլլայ:

Յաւարտ սուրբ Պատարագի, ամենասուրբ Հաղորդութեան թափօր տեղի ունեցաւ Պուրճ Համուտի ներքին փողոցներուն մէջ:

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ