Շաբաթ, 24 Մայիս 2014 - Հայրապետական Պատարագ եւ աջահամբոյր Ամմանի մէջ

Ամման, Յորդանան

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը, որ  Յորդանան կը գտնուի Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին դիմաւորութեան մասնակցելու եւ Անոր հանդիպելու առաքելութեամբ, ուրբաթ՝ 23 մայիսի երեկոյեան ժամը 5֊ին, Ամմանի հայ կաթողիկէ «Վերափոխման»  եկեղեցիին մէջ մատուցանեց սուրբ Պատարագ մասնակցութեամբ գերապայծառ հայր Գէորգ թ. ծ. վ. Նորատունկեանի, գերապատիւ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեանի եւ  արժանապատիւ տէր Պօղոս քհն. Նահապետեանի:

Յընթացս սուրբ Պատարագին, հաւատացեալներուն ուղղած իր քարոզին մէջ, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ներկայացուց նաեւ նորանշանակ առաքելական կառավառիչը՝ գերապայծառ  հայր Գէորգ թ. ծ. վ. Նորատունկեանը, անդրադառնալով անոր եկեղեցական կեանքին ու ծառայութիւններուն մասին, ապա իր հայրական մաղթանքներն ու օրհնութիւնը տուաւ անոր: Գերապայծառ հայր Գէորգ թ.ծ.վ. Նորատունկեան իր հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց Հոգեւոր Տիրոջ իրեն վստահուած այս պատասխանատու առաքելութեան համար։ Ան հայցեց Աստուծոյ օգնութիւնը, որպէսզի կարենայ նախանձախնդրութեամբ կատարել իր առաքելութիւնը, ապա խրախուսեց հաւատացեալ հայորդիները, գործելու  ի խնդիր եկեղեցւոյ պայծառացումին: Յաւարտ սուրբ Պատարագին, ներկաները շնորհաւորեցին նորանշանակ կառավառիչը եւ տեղի ունեցաւ Հոգեւոր Տիրոջ աջահամբոյր:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ