Երկուշաբթի, 14 Յունուար 2008 - Հայրապետական Պատգամ Հ.Կ.Մ.ի Պատանիներուն

 

Շաբաթ՝  12 Յունուար 2008ին, Հ.Կ.Մ. Աշրաֆիէի Պատանեկան Խորհուրդը կազմակերպած էր Ս.Պատարագ Ս. Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Տէր Ներսէս Պետորս  ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին: Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ներկաներուն փոխանցեց հետեւեալ պատգամը.

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր
Յոյժ Սիրելի Հ.Կ.Մ. Պատանիներ,

Աստուած մեզի յայտնուեցաւ Յիսուսի ծնունդով, մոգերու այցելութեամբ եւ Յիսուսի մկրտութեամբ: Մենք տակաւին կÿապրինք Աստուածայայտնութեան խորհուրդի մթնոլորտին մէջ:
Յիսուսի մկրտութիւնը առիթ մըն է խորհելու մեր մկրտութեան մասին: Մկրտուած ըլլալը կը նշանակէ հաւատալ Յիսուսի բերած ճշմարտութիւններուն, մաս կազմել Անոր ընտանիքին, որ է Եկեղեցին, եւ Աստուած նկատել որպէս Հայր: Մկրտութիւնը սակայն կախարդական ոյժ չունի: Արդարեւ, կը նշմարենք քրիստոնեաներ, որոնք չեն հետեւիր Եկեղեցւոյ ամենատարրական սկզբունքներուն եւ պատիւ չեն բերեր իրենց կրօնքին: Մկրտուածը երկնքի ժառանգորդ է եւ կը վայելէ սրբարար շնորհքը, որ մեծապէս օգտակար է իրեն համար, որպէսզի կարենայ իբր քրիստոնեայ ապրիլ, ուղիղ շարժիլ եւ Քրիստոսի վկայութիւն տալ: Ասոր համար, Հայ ժողովուրդը մեծապէս երախտապարտ է Ս. Գրիգորին եւ զինք կÿանուանէ Լուսաւորիչ Հայաստան աշխարհի, որովհետեւ իրեն շնորհիւ է որ մենք կը վայելենք այս առանձնաշնորհումները, որոնց համար մեր պապերը իրենց կեանքը զոհեցին:
Պարտինք երախտապարտ ըլլալ նաեւ մեր ծնողաց, որ փոքր տարիքէն մեզ մտցուցին Յիսուսի ընտանիքին մէջ եւ մեր առջեւ դռները լայն բացին վայելելու համար Ս. Մկրտութեան պարգեւները, մանաւանդ Ապաշխարութեան եւ Ս. Հաղորդութեան խորհուրդները: Պատմութիւնը մեզի ցոյց կու տայ, որ փոքր տարիքով քրիստոնեաներ սրբութեան հասած են, որովհետեւ պզտիկ տարիքին վայելած են Յիսուսի մտերմութիւնը եւ առիթը ունեցած են Աստուծոյ շնորհքին մէջ ապրելու:
Ֆաթիմայի փոքրիկներու երանացումէն ետք, ահա վերջերս ուրիշ օրինակ մÿունեցանք յանձին վեցուկէս տարեկան հռոմէացի աղջնակ մը՝ Անդոնիա Մէօ անունով: «Իր կարճ կեանքին ընթացքին,  կÿըսէ  Սրբազան  Քահանայապետը,   փոքր   Անդոնիան   ցոյց տուաւ  բացառիկ  հաւատք,  յոյս  եւ  սէր,  ինչպէս  նաեւ  ուրիշ քրիստոնէական առաքինութիւններ»:  Եւ թէպէտ  պզտիկ  էր տարիքով, այսուհանդերձ   ան   կարողացաւ   լուսաւոր  վկայութիւն տալ Ս. Աւետարանին եւ խոր տպաւորութիւն թողուց Հռոմի հասարակութեան վրայ: Իր կարճ բայց հոգելից  կեանքը կը  փաստէ, թէ սրբութիւնը բոլոր տարիքներուն կը պատկանի հաւասարաբար՝ մանուկներուն եւ երիտասարդներուն, չափահասներուն եւ ծերերուն: Կեանքի բոլոր հանգրուաններուն ընթացքին, մենք կրնանք Յիսուսը սիրել եւ Անոր հաւատարմօրէն հետեւիլ: Քանի մը տարուան մէջ, վեցուկէսամեայ Անդոնիան հասաւ կատարելութեան գագաթնակէտին, որ ամէնքս կանչուած ենք մագլցելու: Ան արագօրէն կտրեց ճամբան որ կը տանի դէպի երկինք:
Մարդս հիասթափ կը մնայ այսպիսի օրինակի մը առջեւ: Ս. Մկրտութեան Խորհուրդը, ընտանեկան կրթութիւնը եւ շրջապատող բարի օրինակները Անդոնիային միտքը եւ սիրտը բացին համապատասխանելու աստուածային շնորհքներուն՝ իմացականութեան տարիքէն ի վեր: Հիրաւի, ընտանիքը սրբութեան օրրանն է: Ամենաբարին Աստուած մեզի ալ ամէն օր կու տայ բազմաթիւ շնորհքներ, եւ ամէն հարցին դիմաց՝ պէտք եղած շնորհքը կÿընձեռէ մեզի: Բայց մեզի կÿիյնայ համապատասխանել այդ շնորհքին: Այն ժամանակ, Աստուած ուրիշ շնորհք մըն ալ կու տայ եւ երրորդ մը եւ չորրորդ մը, առանց դադարի Աստուած մեզի կու տայ:
Կան ոմանք որոնք ցրուած կեանք մը կÿապրին եւ չեն անդրադառնար, որ Աստուած իրենց ձեռք կÿերկարէ: Անոնք առանձին կը մնան դժուարութեան դիմաց եւ կը կարծեն թէ իրենք իրենցմէ կրնան մէջէն ելլել: Արդի՞ւնք. Կը ձախողին եւ տխուր կը մնան: Ասոր համար, չի բաւեր Քրիստոսը հեռուէն կամ մակերեսային կերպով ճանչնալ, այլ Քրիստոսի ճանաչումը պէտք է թարգմանուի գործնական ապրումով:
Ծննդեան մաղթանքներուն ընթացքին, Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբ. Քահանայապետը յիշեցուց թէ՝ քրիստոնեաները հրաւիրուած են ամէն օր քիչ մը աւելի Քրիստոսի աշակերտ դառնալու: Մկրտութեան Ս. Խորհուրդով մենք արդէն քրիստոնեայ ենք, բայց ասիկա պէտք չէ խափանէ մեզի, որ աշխատինք ամէն ատեն քրիստոնէաբար ապրելու, եթէ չենք ուզեր նմանիլ այն փարիսեցիներուն, որոնք Յովհաննէս Մկրտիչին խօսքը չÿընդունելու պատրուակ կը բերէին ըսելով՝ մենք Աբրահամի զաւակ ենք, ինչպէս քիչ առաջ լսեցինք: Նոյնպէս, մենք չենք կրնար մենքըզմեզ խաբել ըսելով՝ մենք հայ ենք, մենք նահատակներուն թոռնիկներն ենք, մենք Հ.Կ.Մ.ական ենք, եւ հետեւաբար եւ պէտք չունինք ապաշխարութիւն ընելու:
Քրիստոսի աշակերտ ըլլալը կը նշանակէ նախ եւ առաջ Քրիստոսը լաւ ճանչնալ եւ Անոր կեանքին եւ ուսուցումներուն հետեւիլ: «Քրիստոսը ճանչնալու համար, կը յարէ Սրբ. Քահանայապետը, մտային գիտութիւնը չի բաւեր: Ան պէտք է դառնայ կեանքի գործադրութիւն, այսինքն՝ Քրիստոսին հետ մտերմանալ, խոնարհ ու արդար ըլլալ եւ մանաւանդ անկեղծ սէր ունենալ: Այս ձեւով միայն Ս. Աւետարանը լաւ պիտի հասկնաք: Այս ձեւով պիտի հանդիպիք Քրիստոսին, բան մը որ կը պահանջէ լռութեան պահեր գտնել՝  լսելու համար Յիսուսի ձայնին, Անոր պատասխանել աղօթքով եւ գործադրել ինչ որ ձեզի կը թելադրէ»: Ուստի, սիրելի Հ.Կ.Մ. Պատանիներ, Քրիստոսի աշակերտ դառնալու համար պէտք է մնայուն հոգեւոր դաստիարակութիւն մը հետապնդել:
Սիրելիներ, Յիսուսի մկրտութեան տօնը առընչուած է ձեր մկրտութեան: Իսկ ձեր մկրտութիւնը կը յայտնուի ձեր վարուելակերպով, երբ ձեր հաւատքը լրջօրէն ապրիք, ինչպէս փոքրիկ Անդոնիան եւ բոլոր հարազատ քրիստոնեաները, որ ձեզ կը շրջապատեն: Անոնք իրենց կեանքին իմաստը հասկցան, հաւատացին Քրիստոսին եւ վստահեցան աստուածային շնորհքի ոյժին, որ Աստուած առատօրէն կը բաշխէ ամէն ատեն, ամէն անձին, որ իրեն վստահութեամբ եւ խոնարհութեամբ կը դիմէ:
Սիրելիներ, թո՛ղ այս խորհուրդ ձեզ մղէ խոր կերպով հասկնալու ձեր մկրտութեան թանկագին արժէքը եւ անոր բարեբեր արդիւնքները, ու փափաքիլ Յիսուսի աշակերտ դառնալ եւ ձեր շրջանակին մէջ Յիսուսի առաքեալ դառնալ, որպէս հարազատ Աստուծոյ որդիներ, որպէս հարազատ հայեր, որպէս հարազատ Հ.Կ.Մ.ականներ. Ամէն:   
 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ