Երեքշաբթի, 12 Մայիս 2015 - Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը կ'օրհնէ մեծ խաչ մը որ սուզորդները կը տեղադրեն ծովուն յատակը

 

Ժունիէ

 

Կիրակի, 10 մայիս 2015-ին, սուզորդներու «Օքթոփիւս» ակումբի անդամները, Ժիւնի քաղաքի բացերը իրականացուած սուզորդական գործողութեամբ մը Միջերկրական ծովուն մէջ՝ 35 մեթր խորութեան վրայ տեղադրեցին մետաղեայ խաչ մը, ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն, յատկապէս անոնց, որոնք ջրամոյն եղան թուրք իշխանաւորներու ամենավայրագ հրամանով: Նախաձեռնութիւնը կը պատկանէր ակումբի ղեկավար Անդրանիկ – Թոնի Հատտատի:

Գործողութեան իր օրհնութիւնը շնորհեց եւ իր հայրական խօսքը փոխանցեց Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս պատրիարքը: Ներկայ էին Հայաստանի հանրապետութեան դեսպան պարոն Աշոտ Քոչարեան, դեսպանատան աշխատակիցներ, տէր Ապտօ պու Քասմ, որ կը ներկայացնէր Մարոնիթ Ալ Րաի կարդինալը, ապա նաեւ 100 ամեակի կեդրոնական մարմնի ներկայացուցիչներ, հայկական միութիւններու ներկայացուցիչներ, արուեստագէտներ եւ քաղաքական գործիչներ:

Գործողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի սքուպա դասընթացքի մասնակից աշակերտները, որոնք ծաղիկներ շաղ տուին ծովու ջուրերուն մէջ, ի յիշատակ Մեծ եղեռնի անմեղ զոհերուն:

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ