Ուրբաթ, 4 Ապրիլ 2008 - Մեսրոպեանցի Աւարտականներուն Յորդանանեան Շրջապտոյտը

Պէյրութ, Լիբանան
 

 
Նախապէս հաղորդագրութեամբ մը տեղեկացուցած էինք, որ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի աւարտական դասարանի աշակերտները Ս. Զատկուան արձակուրդի ընթացքին պիտի մեկնէին Յորդանան: Այս ճամբորդութիւնը հաճելի նուէր մըն էր եկած Իտալիայէն: Պրեշիա քաղաքի «Տի.Էմ.Էս. Օնլուս» կազմակերպութեան նախագահ՝ Տոքթ. Անճելօ Պոզիոյի եւ անոր կողակիցին՝ Տոքթ. Պարպարա Պոզիոյի այս նախաձեռնութիւնը մեծ ոգեւորութիւն յառաջացուցած էր աշակերտներուն քով: Մեկնումի օրը ճշդուած էր՝ Երեքշաբթի, 25 Մարտ 2008: Այդ օրը 31 աշակերտներ անխտիր, Շաղզոյեան կեդրոնի շրջափակէն, առաջնորդութեամբ վարժարանի տնօրէն Կրէկուար Գալուստի, մեկնեցան դէպի Յորդանան, Դամասկոսի ճամբով:

Հինգ օրերուն ընթացքին խումբը այցելեց Ժարաշ եւ Քարաք հին հռոմէական քաղաքներ, Ամման, Փեթրա, Ուատի Րամ, Մեռեալ Ծով, Աքապա: Անոնք այցելեցին նաեւ Ամմանի Հայ Կաթողիկէ առաջնորդարանը, եղան Յիսուսի Մկրտութեան վայրը, ապա ուղղուեցան դէպի Պէյրութ: Ողջ շրջագայութեան ընթացքին խումբին կÿընկերակցէր Յորդանանեան «Սթրոնկըր Թիմ» ընկերութեան տնօրէն Ճորճ Ինքապապեան:

Այս հետաքրքրական հնգօրեայ ճամբորդութեան գաղափարն ու իրականացումը լաւագոյն ու մեծագոյն նուէրն էր 2007-2008 ուսումնական տարեշրջանի աւարտական այս դասարանի աշակերտներուն համար: Յորդանանեան այս ճամբորդութիւնը իրենց ամբողջ կեանքի ընթացքին պիտի մնայ իբրեւ բարի եւ քաղցր յուշ մը, ինչպէս նաեւ արժանի վարձատրութիւն մը իրենց ուսումնական երկար ու դժուարին տարիներուն դիմաց:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ