Երեքշաբթի, 23 Յունիս 2015 - Մեսրոպեանի նոր «Հաւատարմութեան շատրուանը» եւ բարեսիրական ընթրիքը

 

Պէյրութ

Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի կրթական տարուայ փակումը նշանաւորուեցաւ միեւնոյն օրը կայացած զոյգ ձեռնարկներով:

Ընդառաջելով վարժարանի տնօրէնութեան հրաւէրին, 19 յունիս 2015-ի երեկոյեան Մեսրոպեանի բարեկամներ իրենց ներկայութեամբ պատուեցին արդէն աւանդական դարձած դպրոցի կարիքաւոր աշակերտներու ֆոնտին ի նպաստ բարեսիրական ճաշկերոյթը, որ տեղի ունեցաւ Մեսրոպեան մանկապարտէզի շրջափակին մէջ: Նախքան ճաշկերոյթը, հրաւիրեալները մասնակցեցան դպրոցի գլխաւոր բակին մէջ «Հաւատարմութեան շատրուան»ի բացումին:

Ձեռնարկներուն ներկայ եղան Հայաստանի հանրապետութեան դեսպան պարոն Աշոտ Քոչարեան, արհիապատիւ հայր Մանուէլ եպիսկոպոս Պաթաքեան, Պատրիարքական փոխանորդ եւ Զմմառու վանքի մեծաւոր գերապայծառ հայր Գաբրիէլ  թ.վ. Մուրատեան, Լիբանանի հայ կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններու խորհուրդի նախագահ գերհարգելի հայր Գէորգ ծ.վ. Եղիայեան, պետական երեսփոխաններ եւ նախարարներ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մըսըրլեան, Քարիթաս–Լիբանան ընկերութեան նախագահ հայր Փօլ Գարամ, հոգեւորականներ եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ: Ձեռնարկները կայացան հովանաւորութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին եւ նախագահութեամբ Մեսրոպեան վարժարանի բարերար պարոն Վարուժ Ներկիզեանի:

«Հաւատարմութեան շատրուան»ի բացումին առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ, Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ նշեց, որ սոյն շատրուանով, Մեսրոպեանի շէնքային պատկերը նոր յատկանիշով մը կը հարստանայ: Շատրուանը նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին. անոր կեդրոնը ամրացուած է Մեսրոպեան վարժարանի առաջին ցուցանակը, 1939 թուականէն: Անիկա նուէրն է վարժարանի բարեկամ ու բարերար պարոն Վարուժ Ներկիզեանին: «Շատրուանը խորհրդանիշ է հաւատարմութեան՝ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու կտակին, ինչպէս նաեւ  Մեսրոպեան վարժարանի հիմնադիր հայրերու ազգային, հոգեւոր եւ կրթական տեսլականին», ըսաւ Կրէկուար Գալուստ:

Ճաշկերոյթի բացումին, պարոն Կրէկուար Գալուստ նշեց, որ  կրթական հաստատութեան մը համար ոգեւորութեան մեծ աղբիւր է բարեկամներու նիւթական եւ բարոյական նեցուկն ու անոնց ներկայութիւնը՝ դժուարութիւններու  եւ մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման: Այս առիթով, ան երախտագիտութիւն արտայայտեց Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս Կաթողիկոս Պատրիարքին, որ Մեսրոպեանին կը նայի  ամենօրեայ հոգածութեամբ, շնորհելով ամենայն քաջալերանք եւ զօրակցութիւն: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ընթրիքի նախագահ պարոն Վարուժ Ներկիզեանին եւ իւրաքանչիւրին, որ կու գայ նեցուկ դառնալու «կարիքաւոր ընտանիքի մը՝ շնորհալի զաւակ մը բարձր ուսման հասցնելու իր ճիգին ու տառապանքին մէջ»:

Ընթրիքի նախագահ պարոն Վարուժ Ներկիզեան իր խօսքին մէջ մեծապէս գնահատեց կրթութեան պայմաններու զարգացման համար Մեսրոպեան վարժարանին մէջ կատարուած աշխատանքները: Ան անգամ մը եւս յիշեցուց, որ Մեսրոպեանին նեցուկ կանգնիլը իր անձնական ընտրանքն է ու որոշումը, եւ անիկա հիմնուած է այն համոզումին վրայ, որ վարժարանը հետեւողականօրէն կը գործադրէ կրթութեան զարգացման ծրագիրներ ի նպաստ լիբանանահայ նոր սերունդի դաստիարակութեան եւ պատրաստութեան:

Գեղեցկօրէն զարդարուած շրջափակին մէջ կայացած ճաշկերոյթին ներկայացուեցաւ գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր. նախկին մեսրոպեանական աշակերտներ Մարինէ եւ Սագօ Հալաճեաններ (ջութակ, դաշնամուր) եւ Գէորգ Քեշիշեան (տուտուկ, սրինգ)  կատարեցին նուագներ, մինչ երգիչ Սարօ ներկայացուց հայկական եւ եւրոպական երգերու փունջ մը: Ընթրիքի հանդիսավարն էր Մեսրոպեանի անձնակազմի անդամ տիկին Անի Խալիլ:

Ճաշկերոյթին առիթով, ներկաները ընդհանուրը 109 հազար ամերիկեան տոլար նուիրեցին Մեսրոպեան վարժարանի «Սան մը որդեգրէ» ծրագրին: Հիւրերու նուիրուեցաւ Մեսրոպեան վարժարանի 75 ամեակը եզրափակող հրատարակութիւնը, «Երթը Կը Շարունակուի» խորագրով:

 

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ