Շաբաթ, 4 Յուլիս 2009 - Սուրիոյ Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդները կը փակեն սուրբ Պօղոսի տարին

 

                                                               Դամասկոս

 

 

 

Ս. Պօղոսի ծննդեան 2000 ամեակի նուիրուած Յոբելինական տարուան փակումին, Երկուշաբթի, 29 Յուլիսի կէսօրէ ետք, Դամասկոսի «Զէյթուն» թաղի մէջ գտնուող  Յոյն կաթողիկէ Պատրիարքական մեծ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր սուրբ Պատարագ ներկայութեամբ բազմահազար հաւատացեալներու, գլխաւորութեամբ Սուրիոյ հոգեւոր առաջնորդներու, որոնց շարքին էին Բերիոյ թեմի հայ կաթողիկէ առաջնորդ Պետրոս Արք. Միրիաթանը ու Դամասկոսի հայ կաթողիկէ առաջնորդ Յովսէփ. եպս. Առնաութեանը, որ Պատարագի ընթացքին արաբերէնի թարգմանեց Սրբազան Քահանայապետին անձնական ներկայացուցիչ Անթոնիօ Րուքօ  Վալերա կարդինալին քարոզը, իսկ Միրիաթեան Արքեպիսկոպոսը  հայերէնով մաղթանք մը կատարեց:

«Քնար» երգչախումբի մենակատարներ Արամ Գայայեանը, Սարգիս Քէշիշեանը, ու ԺոզէՖ Իսկենտէրեանը, ընկերակցութեամբ Շանթ Քէշիշեանի, հաղորդութեան ընթացքին ապրումով կատարեցին «Ուրախ լեր» եւ «Յայս յարկ»  շարականները:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ