Երկուշաբթի, 5 Օգոստոս 2013 - Կիրակնօրեայ Խօսքը. «Փնտռել Իմաստը Կեանքին Ու Զայն Գտնել Տալու Մէջ»


Սիրելի՛ ընթերցող, անսալով Ս. Պօղոսի յորդորին, թէ` «յիշեցէ՛ք ձեր առաջնորդները, որոնք աւետեցին ձեզի Աստուծոյ խօսքը, եւ դիտելով անոնց կեանքին վախճանը` հետեւեցէ՛ք անոնց հաւատքին» (Եբ. 13,7), կը տենչամ հ. Վարդան եպս. Աշգարեանին (1937-2012) մասին գրել` անոր յաւերժերթին առաջին տարելիցին առիթով:
Գիրս հասկնալու ենք հ. Վարդանի այս վսեմ եւ վսեմացուցիչ բնաբանին լոյսին տակ. «Փնտռել իմաստը կեանքին ու զայն գտնել տալու մէջ: Տալու ամբողջութեամբ: Տալու, մանաւանդ, առանց ակնկալութեան, շահի, փառքի»:
Հ. Վարդան` Պակասաւորը: Բարեմասնութիւններուն շատ համառօտ ներկայացումէս առաջ, սակայն, հ. Վարդանի համարձակախօսութեամբ կը հարցնեմ, թէ ինք չունէ՞ր իր տկարութիւններն ու թերութիւնները… Անկասկած, որ ունէր, բայց անմիջապէս կը կրկնեմ մեր Աստուածային Վարդապետին ուղիղ առարկութիւնը. «Ձեր մէջ անմեղը թող առաջին քարը նետէ անոր վրայ» (Յվհ. 8,7):
Հ. Վարդան` Անյիշաչարը: Ճիշդ է վկայութիւնը անոր մուսալեռցի-այնճարցի միաբան օծակիցին. «Հ. Վարդան ունի բարի սիրտ, չի սիրեր վէճերն ու կռիւները, եւ եթէ երբեմն ուժեղ կ՛արտայայտուի, սակայն ոխ չի պահեր, շուտ կը մոռնայ եղածը», որովհետեւ միշտ ներողամիտ ու ներող էր:
Հ. Վարդան` Մարդը: Ջանաց ըլլալ չորս մեծատառ ՄԱՐԴ-ը, որովհետեւ սիրահար ու ջատագով էր գլխագիր Մարդուն, Մարդկութեան, Մարդկայնականութեան, որ «բիւրեղացած էր յաւերժութեան խորհուրդով»:
Հ. Վարդան` Հայը: Մուսալեռցի-քեսապցի-այնճարցի եռախառն ինքնութեամբ` արդար հպարտանքով համակուած էր իր տոհմային պատկանելիութեամբ ու մասիսածին հայութեամբ, որուն միշտ պաշտպանը եւ գովաբանողն եղաւ:
Հ. Վարդան` Մխիթարեանը: Կը սիրապաշտէր իր ազգօգուտ միաբանութիւնը, որուն սրբաշնորհ հիմնադրին` Սեբաստացի Մխիթար աբբահօր որդիներէն մին ըլլալու կոչումը իրաւացիօրէն կը նկատէր իր կեանքին մեծագոյն առանձնաշնորհումը: Միշտ իբրեւ այնպիսին` վաստակեցաւ եւ վաստկեցաւ:
Հ. Վարդան` Վարդապետը: Քահանայագործեց ու վարդապետեց յիսուն տարիներ հո՛ն, ուր ղրկուեցաւ եւ ի՛նչ պաշտօնի կարգուեցաւ իր մեծաւորներէն: Ամէն օր պատարագեց Աստուածային Զոհը եւ աղօթեց վարդարանը: Մատակարարեց Ս. խորհուրդները: Սփոփեց տրտումները: Քաջալերեց յուսալքեալները: Հաշտեցուց մարդերը: Դարձի բերաւ մեղաւորները: Առաջնորդեց հոգիները:
Հ. Վարդան` Եպիսկոպոսը: Լիբանանի ՀԿ աւագ թեմին իբրեւ օգնական եպիսկոպոս եւ ապա իբրեւ ընդհանուր պատրիարքական փոխանորդ` պաշտօնավարեց ու ծառայեց քսանչորս տարիներ (1987-2011), որոնց ընթացքին օգնեց բոլորին, բայց յատկապէս` տկարին, ընչազուրկին եւ աշակերտին, ինչպէս ալ սիրեց բոլորը, բայց մասնաւորապէս իր վարդապետները, իր սաները, իր տնանկները:
Հ. Վարդան` Դաստիարակը: Քսանվեց տարիներ (1961-1987) անդադրում խանդով եւ աշգարեանական ոճով` ուսուցիչը, ուսումնապետը, փոխտնօրէնը, տնօրէնը դասաւանդեց, կրթեց, կերտեց, առաջնորդեց ու պատրաստեց հայազարմ սերունդներ Վիեննական Մխիթարեան վարժարաններուն մէջ:
Հ. Վարդան` Աշակերտապաշտը: Հայ աշակերտը եւ կարօտեալ հայ սանն եղան սիրատոչոր տկարութիւնը հ. Վարդանին, որ ամէն բան ըրաւ ու զոհաբերեց` միայն սրբելու արցունքը մանուկին, միայն օգնելու չքաւոր դպրոցականին, միայն պահելու դրամազուրկը հայ դպրոցին մէջ եւ միայն ջամբելու ուսում հայ ուսանողին:
Հ. Վարդան` Մատենագիրը: «Վարդունի» եւ «Վարդան Զօրենց» ծածկանուններով հեղինակեց 18 գիրք: Ան հրատարակեց եղբայրակիցներու 21 հատորներ եւ խմբագրեց 4 երկեր` հանգուցեալ անձնաւորութիւններու: Հայկական մամուլին մէջ լոյս տեսած յօդուածները բազմաթիւ են: «Աւետիք»-ի` ՀԿ պատրիարքութեան պաշտօնաթերթին խմբագրապետութիւնը վարեց ութ տարիներ` լոյս ընծայելով 9 տարեգիրքեր:
Հ. Վարդան` Քարոզիչը: Աստուծոյ Խօսքին սիրագով մունետիկն էր, յարակոչ գովազդն էր իր Տիրոջ Աւետարանին: Քրիստոսը պաշտեց ու քարոզեց: Մարիամ Կուսամայրը սիրեց եւ հռչակեց: Անթուելի են անոր ջերմ, դիպուկ եւ կտրուկ քարոզները:
Հ. Վարդան` Հռետորը: Սիրուած եւ փնտռուած ճարտասանն էր տօնառիթներուն, ընդհանրապէս, բայց Վարդանանց մարտիրոսներուն եւ ապրիլեան նահատակներուն, մասնաւորապէս, եւ այն` ոչ միայն Պէյրութ, այլ նաեւ Լիբանանէն դուրս` ուրիշ երկիրներու մէջ: Տասը տարիներ (1965-1975) հռետորական դասախօսն եղաւ գրականագիտական նիւթերու Սեն Ժոզեֆ Յիսուսեան համալսարանին արեւելեան լեզուներու հայագիտական ամպիոնին մէջ, Պէյրութ:
Հ. Վարդան` Գործիչը: Հանրածանօթ ու բեղուն էր այս առաքելաջան գործունէութեան մէջ` առանձնախօսական, ընտանեկան, ժողովրդական, քահանայական, համայնքային, յարանուանական, հոգեմտաւոր, կրթական, մշակութային, ազգային, կուսակցական ու հանրային մակարդակներուն վրայ:
Անլռելի ղօղանջը սիրերգութեան: Այսպէս, հ. Վարդան հանդիսացաւ մին մեր առաջնորդներէն, որ առաքելագործեց Տիրոջ «արքայութեան ու փառքին» (1 Թես. 2,12):
Այն փառքին անմահութեամբ եւ այն արքայութեան մէջ, ուր հ. Վարդան կը սպասէ մեզ իր աղօթքով ու ժպիտով` մեզի յիշեցնելով այս ճշմարտութիւնը. «Յիսուս Քրիստոս, երէկ եւ այսօր, նոյնն է միշտ եւ յաւիտեան» (Եբ. 13,8):

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ
Այնճար, 28 յուլիս 2013


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ