Հինգշաբթի, 17 Յունուար 2013 - Արհիապատիւ Միքայէլ եպս. Մուրատեանի քահանայական ձեռնադրութեան 25 ամեակի առթիւ հանդիսաւոր արարողութիւն

Կլենտէյլ, Միացեալ Նահանգներ

Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդանիստ Կլենտէյլի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, կիրակի, 13 յունուար 2012-ին կատարուեցաւ հանդիսաւոր սուրբ Պատարագ, նոր առաջնորդ Միքայէլ եպս. Մուրատեանի քահանայական ձեռնադրութեան 25 ամեակին առիթով: Ներկայ գտնուեցան Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսը, հայ առաքելական Եկեղեցւոյ զոյգ առաջնորդները, Ամերիկայի հայ աւետարանական Եկեղեցւոյ եւ Լոս Անճելըսի հայկական քաղաքական, բարեսիրական, մշակութային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ խուռներամ ժողովուրդ:
Պատարագի ընթացքին Միւռոն վրդ. Ազնիկեան եւ Միքայէլ քհնյ. Կիւրեղեան փոխանցեցին առաջնորդներ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ Յովնան արք. Տէրտէրեանի շնորհաւորանքները:
Քարոզեց եւ Մկրտութեան ու Դրոշմի աստուածային պատգամներու՝ Հաւատքի, Յոյսի եւ Սիրոյ վրայ հիմնուած պատգամը տուաւ յոբելեար սրբազանը:
Յաւարտ սուրբ Պատարագին, եկեղեցւոյ «Գույումճեան» սրահին մէջ, Տիկնանց միութեան կազմակերպած ընդունելութենէն ու հայր Գրիգոր Շահինեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը՝ մասնակցութեամբ մայր եւ դուստր Քերքոնեաններու ու «Այտընեան» երգչախումբի, ղեկավարութեամբ մայէսթրօ Կրեկ Սարոյեանի:
Հանդիսավարը՝ Անթուան Գարամանլեան, ներկայացուց Յոբելեար Սրբազանին ամփոփ կենսագրականը, իսկ սրտի խօսքերով հանդէս եկան եկեղեցւոյ գործունեայ անդամներէն Սահակ Սէրայտարեան եւ դոկտ. Յովհաննէս Ահմարանեան:
Հուսկ, շնորհակալութեան խօսքով հանդէս եկաւ Միքայէլ եպս. Մուրատեան:

Ընդունելութեան տեսանիւթը կրնաք դիտել հետեւեալ հասցէն այցելելով՝
http://www.youtube.com/watch?v=AhnoJehT57M&list=LLGH_nSNpCBWmbLaBUom1C9g


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ