Հինգշաբթի, 25 Հոկտեմբեր 2012 - Հայ գիրի եւ դպրութեան տօնը Հարպոյեան վարժարանին մէջ


Զալքա

Ուրբաթ, 19 Հոկտեմբեր 2012-ին, Գ. Հարպոյեան վարժարանը նշեց Թարգմանչաց տօնը:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, Մանկապարտէզի աշակերտները հայ լեզուին մասին խմբային արտասանութիւններով եւ երգով մասնակցութիւն բերին այս տօնակատարութեան: Ապա, վարժարանիս երգչախումբը հրամցուց «Իմ մայր Լեզու» երգը: 

Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի ունեցած տեսիլքը եւ գիրերու գիւտը նկարագրող կենդանի պատկերը բաւական տպաւորիչ եւ գեղեցիկ կերպով ներկայացուեցաւ, որմէ ետք բեմ բարձրացաւ եւ օրուան խորհուրդը փոխանցեց գերապատիւ հայր Սեպուհ վրդ. Կարապետեան:

Պատգամախօսը նշեց, թէ «Թարգմանչաց տօնը մեր պատմութիւնը եւ ինքնութիւնը կերտող դէպքերէն մէկն է: Պատմութիւն մը, որմով պէտք է հպարտանալ ու պարծենալ, որովհետեւ մեզի տուաւ գիր, գրականութիւն, մշակոյթ եւ Աստուածաշունչի թարգմանութիւն: Սակայն այսօր որքանո՞վ հաւատարիմ ենք այս փառքին»:

Գերապատիւ վարդապետը աշակերտներուն ուշադրութեան յանձնեց, թէ «երբ թուրքը կը ջարդէր հայ մարդը եւ անոր ընդմէջէն հայ մշակոյթը, հայ տառապեալ ու կմախքացած մայրը գողգոթայի ճամբուն վրայ այբուբենը որպէս ժառանգութիւն կը կտակէր իր զաւակին: Հետեւաբար, մեր խղճի պարտքն է պահպանել մեր լեզուն, տէր կանգնիլ անոր, պայքարիլ՝ մեր ազգային, հոգեւոր ու մշակութային վերածնունդին ի խնդիր»:

Վարդապետը իր խօսքը եզրափակեց ըսելով, թէ ի՞նչ օգուտ ունի օտար լեզուներ գիտնալ եւ մայր լեզուն անգիտանալ, հայ աշակերտը մղելով դառնալ հայ գիրի զինուորը եւ հայ գիրքին բարեկամը:
«Մեսրոպ Մաշտոցին» եւ «Մեր Լեզուն» խմբային արտասանութիւններէն ետք «Կիլիկիա» երգին նուագակցութիւնը կատարեցին դաշնամուրի վրայ Լիւսի Ղարիպեան, իսկ ջութակով՝ Գէորգ Ներսէսեան:

Հանդիսութեան աւարտին վարժարանիս տնօրէնուհի Տիկ. Ռիթա Պոյաճեան խօսք առնելով ըսաւ. «Մեզի համար պատիւ է եւ յոյսի աղբիւր, որ իւրաքանչիւր կրթական տարեշրջանի առաջին ատենամարզանքը նուիրուած կ’ըլլայ Մեսրոպ Մաշտոցի հայերէն գիրերու սրբազան գիւտին, որ դարեր շարունակ Սփիւռքի մէջ մեզ պաշտպանեց որպէս հայ գաղութ եւ հայ ժողովուրդ, եւ այսօր մեր կարգն է պաշտպանել այդ մեսրոպեան զինուորները, առանց որոնց ոչնչացած պիտի ըլլայինք եւ պատմութեան փոշիներուն մէջ անցած»:

Տիկ. Պոյաճեան ծնողներուն պարտականութիւնը համարեց իրենց զաւակը հայ դպրոց ուղարկել եւ զանոնք մղել խանդավառութեամբ հայերէն խօսելու եւ գրելու, ոչ միայն փոքր տարիքին, այլ յարատեւ եւ միշտ: Տնօրէնուհին իր խօսքը փակեց կարեւորելով հայ լեզուին սփիւռքահայերը իրար կամրջող յատկութիւնը:

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ