Երեքշաբթի, 14 Մայիս 2013 - Ֆաթիմայի Տիրամօր տօն Զահլէյի մէջ

Զահլէ, Լիբանան

Կիրակի 12 Մայիս 2013-ին, երեկոյեան ժամը 5-ին, Տիրամայր Ֆաթիմայի տօնին առիթով, Զահլէի «Տիրամայր Ֆաթիմայի» հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ Ձայնաւոր սուրբ Պատարագ մատուցեց Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութեան Ընդհանուր Փոխանորդ Հայր Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեան, սպասարկութեամբ Սուրբ Միքայէլ և Երանելի Մալոյեան դպրեվանքերու ժառանգաւորներուն, մասնակցութեամբ վարչական եւ թեմական Հայրերու եւ ի ներկայութեան համայնքի զաւակներու հոծ բազմութեան: Իր ողջոյնի խօսքը արտասանեց տեղւոյն ժողովրդապետ  Տէր Ալիշան Քհնյ. Աբարդեան, ապա եկեղեցւոյ երգչախումբը ներկայացուց Աստուածածնայ նուիրուած փունջ մը երգեր, որմէ ետք մատուցուեցաւ սուրբ Պատարագը, առընթերակայութեամբ՝ հայր Մաշտոց վրդ. Զահթէրեանի եւ Տէր Ալիշան Քհնյ. Աբարդեանի: Պատարագիչ Գերապայծառը օրուայ իր քարոզը ուղղելէ ետք՝ վարդարաններ օրհնեց, որոնք բաժնուեցան ներկաներուն, որպէսզի զայն միշտ աղօթեն, ինչպէս որ թելադրած էր Ֆաթիմայի Տիրամայրը: Յաւարտ սուրբ Պատարագին՝ Աստուածածնայ արձանով թափօր կազմուեցաւ, որ վարդարան աղօթելով՝ շրջան կատարեց քաղաքին մէջ: Այս օրհնաբեր օրուան յայտագրին յաջորդեց հիւրասիրութիւն:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ