Չորեքշաբթի, 14 Մարտ 2012 - Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը կը մասնակցի Հռոմի «Զարթօնք» յանձնախումբի «Gambero Armeno» երեկոյթին


Հռոմ, Իտալիա

Շաբաթ, 10 մարտ 2012-ին, Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը մասնակցեցաւ Հռոմի Հայ համայնքի «Զարթօնք» կանանց մշակութային յանձնախումբի «Gambero Armeno» երեկոյթին, Լեւոնեան հայ դպրեվանքի մեծաւոր գերյ. հայր Գէորգ ծ. վրդ. Նորատունկեանի հետ միասին։ Այս երեկոյթին նպատակն էր հայ մշակոյթն ու աւանդութիւնները (եւ հայկական խոհանոցը) ծանօթացնել իտալացի բարեկամներուն:
Ամենապատիւ հոգեւոր Տէրը իր խօսքին մէջ քաջալերեց յանձնախումբի անդամներուն աշխատանքը, ողջունեց ներկաները եւ իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ բոլորին. ինչպէս նաեւ պատուեց զանոնք մասնակցելով ընթրիքին։
Այս առթիւ յանձնախումբի անունով ներկաները ողջոյնեց տիկին Սիլվի Իփլիքճեան Ատամօ եւ ապա խօսեցաւ հանդիպումի նպատակին մասին, բացատրութիւններ տալով նաեւ հայկական պատրաստուած համադամներուն ու ճաշերուն մասին։ Արդարեւ իւրաքանչիւր երեկոյթին կը պատրաստուի յատուկ թերթիկ մը, որուն մէջ բացատրուած են հայկական ճաշատեսակներու պատրաստութեան եղանակը...Եղբայրական ջերմ մթնոլորտին մէջ, ներկաները հաճելի ժամանակ անցուցին որոնց հրամցուեցաւ հայկական երաժտութիւն եւ համեղ ճաշեր։

Յիշենք, որ երեք տարիներ առաջ, 7 մարտ 2009–ին, ամենապատիւ եւ գերերջանիկ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը, բացումը կատարեց Հռոմի Մալոյեան Մշակութային կեդրոնին, որ կը գտնուի Սուրբ Նիկողայոսի անուան հրապարակը, որպէսզի հռոմահայութիւնը ունենայ իր տունը եւ Հռոմի Հայ համայնքի Խորհուրդը  շարունակէ իր գործունէութիւնն ու ձեռնարկները, հայապահպանման ի խնդիր, եւ հայոց պատմութիւնն ու մշակոյթը ծանօթացնէ իտալացիներուն։
Այս առթիւ նաեւ հիմնուեցաւ «Զարթօնք» կանանց մշակութային յանձնախումբը, որուն մաս կը կազմեն գաղութի տիկիններ:
Յանձնախումբը ունի զանազան գործունէութիւններ՝ հայերէն լեզուի ու պատմութեան դասընթացքներ կազմակերպել թէ մանուկներուն եւ թէ չափահասերուն, ինչպէս նաեւ կազմակերպել մշակութային երեկոյթներ, գիրքերու ներկայացումներ, ցուցահանդէսներ, ճաշահանդէսներ, այցելութիւններ Իտալիոյ զանազան վայրերը, ուր գոյութիւն ունին հայկական եկեղեցիներ կամ վանքեր։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ