Երկուշաբթի, 29 Հոկտեմբեր 2007 - Վարդապետական Գաւազանի Տուչութիւն՝ Հայր Սարգիս Վրդ. Դաւիթեանին

 

Լիբանան

 
Հովանաւորութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ  Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին եւ Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ համայն գործօն միութիւններուն հրաւէրով, Կիրակի՝ 28 Հոկտեմբերի առաւօտեան ժամը 10:00ին, Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հայր Սարգիս վրդ. Դաւիթեանին ժողովրդապետական պաշտօնի փոխանցման եւ վարդապետական գաւազանի տուչութեան արարողութիւնը:
Ս. Պատարագին ընթացքին հայր Սարգիս վրդ. Դաւիթեանին պաշտօնապէս ժողովրդապետական պաշտօնի փոխանցումէն եւ վարդապետական գաւազանի տուչութենէն ետք իր պատգամը փոխանցեց Ամենապտիւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ.Կաթողիկոս Պատրիարքը, որ նախ եւ առաջ նշեց, թէ Ս. Փրկիչ ժողովրդապետութիւնը Լիբանանի պատրիարքական թեմին ամէնէն բազմանդամ ժողովրդապետութիւնն է:
Հոգեւոր Տէրը նաեւ յայտնեց, որ հայր Դաւիթեանին վարդապետական գաւազանի տուչութիւնը պարզ զարդարանքի մը փոխանցումը չէ, այլ նշեալ գաւազանը ենթակային կու տայ Աստուծոյ վարդապետութիւնը քարոզելու իշխանութիւնը՝ բացայայտելու համար աւետարանական ճշմարտութիւնները:
Հոգեւոր Տէրը նաեւ կոչ ուղղեց ներկաներուն հեռու մնալու սխալ վարդապետութիւններէն եւ հետեւելու եկեղեցւոյ ժողովրդապետներուն եւ քահանաներուն պատգամներուն:
Ապա խօսք առաւ հայր Սարգիս վրդ. Դաւիթեան, որ ըսաւ, թէ պարգեւները եւ պաշտօնները թէեւ տարբեր են, սակայն հոգին նոյնն է եւ փոփոխութեան չ’ենթարկուիր:
Հայր Դաւիթեան հոգեւոր առաքելութեան գծով փոխանցեց հետեւեալ հիմնական երեք թելադրութիւնները՝ Աստուծոյ սէրը տարածել, ծառայութեան մէջ անշահախնդիր մօտեցում ունենալ եւ խոհեմութեամբ ու իմաստութեամբ մարտահրաւէրները դիմակալել:
Ս. Պատարագէն եւ վարդապետական գաւազանի տուչութենէն ետք ժողովրդապետական սրահին մէջ տեղի ունեցաւ շնորհաւորական ընդունելութիւն:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ