Շաբաթ, 25 Մայիս 2013 - Կարդինալ Սանտրի այցելեց հայ կաթողիկէ պատրիարքարան

Պէյրութ
 
Շաբաթ 25 մայիս 2013-ին առաւօտեան ժամը 10-ին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը ընդունեց Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի Կառավարիչ` Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրին հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ:
 
 Նշենք, որ կարդինալ Սանտրի Լիբանան իր կեցութեան ընթացքին մինչեւ 28 մայիս զանազան հանդիպումներ պիտի ունենայ Մարոնի, Մելքիդ եւ Ասորի Պատրիարքներու հետ, ինչպէս նաեւ կրօնական հաստատութիւններու անդամներուն եւ Լիբանանի Գարիթասի կամաւորներուն հետ որոնք Սուրիացի գաղթականներով կը զբաղին։ Ապա ամսոյն 30-ին պիտի անցնի Յորդանան, ուր պիտի մասնակցի Մատապայի նոր համալսարանին բացման հանդիսութեան:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ