Հինգշաբթի, 12 Յունիս 2008 - «Ոսկի Աստղեր» Արուեստի Փառատօն

Պէյրութ, Լիբանան

 
Ուրբաթ, 6 Յունիս 2008-ի, երեկոյեան ժամը 7:00-ին Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ «Ոսկի Աստղեր» խորագիրով արուեստի
 
աշակերտական փառատօնը: Ներկայ էին Վաստակաւոր Կաթողիկոս Տէր Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. Պատրիարքը, Արհիապատիւ Հայր Վարդան Եպս. Աշգարեանը, գերապատիւ հայրեր, Մեսրոպեան վարժարանի տեսչական եւ ուսուցչական կազմերու անդամներ, վարժարանի Ծնողական Յանձնախումբի անդամներ, վարժարանի աշակերտներու ծնողներ, հարազատներ, բարեկամներ եւ աշակերտներ:

Փառատօնի բացման խօսքը կարդաց վարժարանի արտադասարանային ծրագիրներու պատասխանատու եւ պաշտօնաթերթ «Մեսրոպեան Լրաբեր»ի պատասխանատու խմբագիր Տիկ. Կարինէ Թաշճեան: Ան իր խօսքին մէջ յատկապէս ըսաւ. ««Ոսկի Աստղեր» փառատօնը կը նպատակադրէ առիթ ընծայել մեր վարժարանի շնորհալի աշակերտներուն ցուցադրելու իրենց ձիրքերը իրենց իսկ ծնողներուն, քոյրերուն, եղբայրներուն եւ բարեկամներուն առջեւ»:

Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ «Մեսրոպեան Առաջատար Կրթական Հաստատութիւն» խորագիրով վարժարանի մասին մանրամասն տեղեկատուական վաւերագրական ժապաւէնը, որուն հեղինակն է Պր. Վարդան Թաշճեան, որմէ յետոյ յաջորդաբար ներկաները  վայելեցին շնորհալի աշակերտներու կատարումները՝ ասմունքը, երգը, պարը եւ թատերական ներկայացումը:
 


 
Ապա Կրէկուար Գալուստ իր խօսքին մէջ նախեւառաջ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն, յատկապէս Գասպարեան Հոգեւոր Տիրոջ, ապա յայտնեց իր մեծ ուրախութիւնը փառատօնին կայացման առիթով, ըսելով, որ «մեծ է ուրախութիւնս, որ վերջապէս կայացաւ այս փառատօնը, որ կը ծրագրուէր տակաւին անցեալ տարուընէ: Սակայն Աստուծոյ կամքով այն կայացաւ այսօր եւ այսօրուընէ սկսեալ կը դառնայ ամենամեայ»: Ան շնորհակալութիւն յայտեց գեղարուեստական բաժինի ղեկավարներուն՝ խմբավար Պր. Մանուէլ Քէշիշեանին, պարուսոյց Պր. Յարութ Գրաճեանին եւ թատերախումբի ղեկավար Պր. Վարդան Մկրտիչեանին, հրաւիրելով անոնց բեմ: Պր. տնօրէնը բեմ հրաւիրեց նաեւ մասնակից բոլոր աշակերտները, բոլորին յայտնելով շնորհակալութիւն այս գեղեցիկ արուեստի փառատօնի իրականացման համար անոնց մեծ թափած ջանքերուն համար:

Փառատօնի աւարտին, ներկաները վարժարանի շրջափակէն հեռացան ուրախ եւ տօնական տրամադրութիւններով:

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ