Չորեքշաբթի, 13 Հոկտեմբեր 2010 - Հայր Նշան արք. Գարաքէհէեանի քահանայական ձեռնադրութեան 50-ամեակ


Թեհրան

Հայր Նշան արք. Գարաքէհէեանի քահանայական ձեռնադրութեան 50-ամեակի յոբելինական հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Անարատ Յղութեան հայ քոյրերու «Մարիամ» հաստատութեան թատերասրահին մէջ, 23 սեպտեմբեր 2010, Թեհրան, Իրան։ Հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան ամենապատիւ հոգեւոր տիրոջ ներկայացուցիչ՝ արհի. հայր Յովհաննէս եպս Թէյրուզեան, գերշ. հայր Սեպուհ եպս Սարգիսեան, պապական դեսպանը, Զմմառու Արծիւեան միաբանութեան ներկայացուցիչ հայր Բարսեղ վ Պաղտասարեան, այլ հոգեւորականներ, բարձրաստիճան հիւրեր եւ իրանահայ դէմքեր ու մտաւորականներ։

Յայտագիրը ընդգրկեց գեղարուեստական բաժին, շնորհաւորական խօսքեր, վաւերագրական ժապաւէն յոբելեարին մասին եւ նուէրներու տուչութիւն։ Հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն եւ շնորհաւորութիւններու ընդունելութիւն։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ