Ուրբաթ, 31 Մայիս 2013 - Համահայկական ժողով Հայաստանի մէջ

Երեւան

Հինգշաբթի 30 Մայիս 2013-ին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանության 100-րդ տարելիցին նուիրուած միջոցառումները համակարգող պետական յանձնաժողովի երրորդ նիստը:

Ժողովը վարեց Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, մասնակցութեամբ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. վեհափառին եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանին: Ժողովին մասնակցեցան նաեւ Արեւելեան Եւրոպայի, Վրաստանի եւ Հայաստանի հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ արհի. հայր Րաֆայէլ արք. Մինասեան եւ ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ ներկայացուցիչ՝ գերյ. հայր Անդրանիկ ծ.վ. Այվազեան:

Յանձնաժողովի անդամները քննարկեցին նախորդ նիստէն մինչեւ օրս տարբեր ուղղութիւններով իրագործուած եւ ընթացիկ կազմակերպչական ու բովանդակային աշխատանքները, ինչպէս նաեւ յետագայ քայլերը: Անոնք որոշեցին յանձնաժողովի յաջորդ նիստը գումարել 2014-ի մայիսին, Երեւանի մէջ, շարունակելով  մինչեւ այդ թուական աշխատանքային խումբերուն մէջ աշխոյժ գործընթացքը:

Ժողովի լուսանցքին, Հայ կաթողիկէ պատուիրակութիւնը շատ մը հանդիպումներ ունեցաւ կարեւոր անձնաւորութիւններու հետ:


«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Հոգաբարձուներու Խորհուրդի նիստ


Այս ժողովին յաջորդեց «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի տարեկան նիստը, որուն ընթացքին Հայաստանի նախագահը իր խօսքին մէջ դիտել տուաւ, որ չկայ ազգային, հասարակական, ընկերային-տնտեսական կամ այլ բնագաւառ, որ չէ քննարկուած եւ համապատասխան արձագանգի արժանացած։ Նախագահը ըսաւ. «Կարծում եմ, որ առաջիկայ տարիները ոչ միայն Հայաստանի իշխանութիւնների, այլեւ ողջ հայութեան համար պէտք է լինեն տքնաջան եւ արդիւնաւէտ աշխատանքի տարիներ: Կարծում եմ, որ լուրջ արդիւնքներ արձանագրելու համար ունենք բոլոր անհրաժեշտ հիմքերը: Համահայկական ոչ մի կառոյց այնքան ամբողջական կերպով չի արտացոլում աշխարհի հայութեան ձգտումներն ու հնարաւորութիւնները, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութիւնը, որքան Հայաստան Համահայկական հիմնադրամը»:
Նիստին ընթացքին քննարկուած եւ ընդունուած է նաեւ հիմնադրամի «Մարաթոն-2013»ի նպատակաուղղուածութեան հարցը, որուն մասին զեկուցած է Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանը:

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ