Երկուշաբթի, 26 Ապրիլ 2010 - Դամասկոսի մէջ հսկումի երեկոյ Հայոց ցեղասպանութեան 95 ամեակի առթիւ


Դամասկոս, Սուրիա

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի, Հայ Կաթողիկէ միութեան եւ Ս.Ե.Մ.ի միացեալ յանձնախումբին, ուրբաթ 23 ապրիլ 2010  երեկոյեան ժամը 9.00-ին,  այս տարի եւս տեղի ունեցաւ Հսկումի երեկոյ  Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս, նահատակաց յուշակոթողին առաջ Հայոց ցեղասպանութեան 95 ամեակի առթիւ: Բազմաթիւ հայորդիներ ներկայ գտնուեցան ձեռնարկին, իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելով մեր բիւրաւոր նահատակներու յիշատակին ու հաստատելով հայութեան սկզբունքային կեցուածքը չմոռնալու մեր դատը ու պահանջատէր մնալու մինչեւ վերջնական յաղթանակումը հայութեան արդար դատին:


Հսկումի երեկոն սկսաւ ծաղկեպսակներու զետեղմամբ  յուշակոթողին առաջ մասնակից միութիւններու կողմէ, Հ.Կ.Մ.ի շեփորախումբի նուագի կշռոյթին տակ: Այս առթիւ զետեղուեցաւ նաեւ ծաղկեպսակ մը Հայաստանի հանրապետութեան դեսպանատան անունով: Բացման խօսքով հանդէս եկան ՌաՖՖի Պեքերէճեանն ու Սօսի Գորէսեանը Արաբերէն ու Հայերէն լեզուներով: Անոնք հաստատեցին Հայոց ցեղասպանութեան դատի անժամանցելիութիւնը ու շեշտեցին կարեւորութիւնը մնալու միշտ պատնէշի վրայ, պահելով հայ մշակոյթն ու աւանդութիւնները: Երկու խօսքերու մէջ հնչեց երախտա$իտութիւն հանդէպ Արաբ ազնիւ ժողովուրդին որ առիթ տուաւ հայ ժողովուրդի եղեռնէն ճողոպրած խլեակներուն  ապրելու,  կազմակերպուելու որպէս լիիրաւ քաղաքացիներ ու ծաղկելու Սուրիոյ ազնիւ հողին վրայ  ուր Տէր Զօրի անապատի մէջ կը ննջեն մեր բիւրաւոր նահատակները: Բացման խօսքերու մէջ լսելի դարձաւ կոչ բոլոր ներկաներուն,  միշտ յիշելու մեր նահատակները ու փաստելու մեր թշնամիներուն
թէ մենք արժանաւոր յաջորդներն ենք Տէր Զօրի նահատակներուն, որոնք կը շարունակեն գոյապայքարը ու պահանջատիրութեան ձայնը լսելի կը դարձնեն ու կ’ապրին հայու վայել հպարտութեամբ:
 
Այնուհետեւ գործի դրուեցաւ  պատշաճ  գեղարուեստական յայտագիր մը մասնակից միութիւններու անդամներուն կողմէ: Իրար յաջորդեցին նուագ, երգ, բուրգ, ասմունք, նուիրուած Մեծ եղեռնի զոհերու յիշատակին: Ձեռնարկի ամբողջ տեւողութեան մեծ պաստառներու վրայ սփռուեցան սահիկներ ու կարճ տեսահոլովակներ առընչուած 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան: ձեռնարկի վերջի բաժնով ելոյթ ունեցաւ Հայ Կաթողիկէ միութեան «Քնար» եր$չախումբը խմբավարութեամբ Շանթ Քէշիշեանի ու դաշնակի ընկերակցութեամբ Առնօ Քէշիշեանի ներկայացնելով 4 ազգային խմբերգներ «Սպասում», «Սասունասար», «Հայրենիքիս հետ» մենակատարութեամբ ԺոզէՖ Թրդռեանի եւ «Քարերի ամրոց մեր երկիր հայոց»:

Հսկումի երեկոյի փակման խօսքը կատարեց Դամասկոսի Հ.Կ. ժողովրդապետ Հայր Գէորգ վրդ. Պահէն: Գերապատիւ վարդապետը յայտնեց թէ Ապրիլեան եղեռնը  բացատրելու ու ներկայացնելու համար չկայ բաւարար բառամթերք  եւ թէ այս  Հսկումի երեկոյին նպատակը յարգանքի տուրք մատուցելն է մեր նահատակներուն եւ յիշեցնելու համայն աշխարհին թէ  որքան ատէն որ Հայ կայ Լուսաւորիչի կանթեղը անձէթ պիտի չմնայ, նայիրեան ոգին պիտի չտկարանայ, վկայ այն իրողութիւնը թէ մէկ ու կէս միլիոն նահատակներ տալէ ու աշխարհով մէկ սփռուելէ ետք, այսօր ունինք անկախ Հայաստան ու երրորդ հազարամեակին՝ այսօր հայը կեցած է մեծ ազգերու կողքին քաղաքակրթութեան ու արուեստի մարզերուն մէջ: Գերապատիւ վարդապետը իր խօսքի վերջաւորութեան շեշտեց, թէ եթէ մենք հայերս մոռնանք մեր եկեղեցին ու Ս. հաւատքը, մոռնանք մեր պանծալի լեզուն, մեր մշակոյթն ու աւանդութիւնները, ապա մենք վերջնականապէս կը կորսնցնենք մեր արդար իրավունքը վերատիրանալու մեր հողերուն ու հատուցման: Ուրեմ ըսաւ ան, պարտինք ծրագրել, աշխատիլ քաղաքակիրթ ձեւերով ու միշտ ըլլալ միասնական:  Երեկոն վերջ գտաւ Տէրունական աղօթքով:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ