Հինգշաբթի, 7 Մարտ 2013 - Աղօթք՝ Եկեղեցւոյ եւ նոր Քահանայապետի ընտրութեան համար

Վատիկան

Չորեքշաբթի 6 մարտի առաւօտեան 9.30-ին, Վատիկանի Պօղոս Զ.-րդ անուան սիւնհոդոսական սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ Գոնքլաւի նախպատրաստական Կարտինալներու ընդհանուր ժողովի չորրորդ նիստը, որուն մասնակցեցան 153 կարտինալներ, որոնցմէ 113-ը ընտրող կարտինալներ են։ Ընտրող միւս երկու կարտինալները Հռոմ կը ժամանեն վաղը` 7 մարտին, եւ Կարտինալական Պապընտիր Դասի թիւը կը հասնի 115-ի։

Իսկ յետմիջօրէի ժամը 5-ին, Սուրբ Պետրոսի մայր Տաճառին մէջ, տեղի կ'ունենայ Եկեղեցւոյ եւ նոր քահանայապետի ընտրութեան դիտաւորութեան նուիրուած աղօթքի արարողութիւն մը, որուն հրաւիրուած են մասնակցնելու բոլոր կարտինալները։
Արարողութիւնը սկիզբ կ'առնէ Սուրբ Վարդարանի ջերմեռանդական աղօթքով, ապա Սուրբ Հաղորդութեան երկրպագութեամբ, հուսկ տեղի կ'ունենայ ժամասացութիւն, որուն կը յաջորդէ Սուրբ Հաղորդութեան օրհնութիւնը, զոր կը կատարէ Սուրբ Պետրոս Պազիլիքյի Արքեպիսկոպոսը՝ կարտինալ Անճէլօ Գոմասդրին:

http://hy.radiovaticana.va/news/2013/03/06/%D5%A1%D5%B2%D6%85%D5%A9%D6%84%D5%9D_%D5%A5%D5%AF%D5%A5%D5%B2%D5%A5%D6%81%D6%82%D5%B8%D5%B5_%D5%B8%D6%82_%D5%B6%D5%B8%D6%80_%D6%84%D5%A1%D5%B0%D5%A1%D5%B6%D5%A1%D5%B5%D5%A1%D5%BA%D5%A5%D5%BF%D5%AB_%D5%A8%D5%B6%D5%BF%D6%80%D5%B8%D6%82%D5%A9%D5%A5%D5%A1%D5%B6_%D5%B0%D5%A1%D5%B4%D5%A1%D6%80_/arm-670767


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ