Երեքշաբթի, 29 Հոկտեմբեր 2013 - Հոգեւոր Տէրը սուրիահայ կաթողիկէ գաղթականները կ'այցելէ
Պէյրութ


Երկուշաբթի, 28 Հոկտեմբեր 2013, կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին, ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս  Պատրիարքը Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց, ընկերակցութեամբ Պուրճ Համուտի «Սուրբ Փրկիչ» եկեղեցւոյ՝ փոխ ժողովրդապետ, հայր Ղազար վրդ. Պետրոսեանին եւ հայ կաթողիկէ Գարիդասի տնօրէնուհի՝ տիկին Անի Գալուստին, այցելեց սուրիահայ կաթողիկէ գաղթականներու, մօտէն հետաքրքուելու համար անոնց վիճակով ու կարիքներով, մխիթարելով ու քաջալերելով զանոնք: Տիրոջ օրհնութիւնը հայցելով ամէն տան վրայ, ուր մուտք կը գործէր, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր այցելութիւնը կ'աւարտէր աւանդական տնօրհնէքով (հացին, ջուրին եւ աղին):


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ