Կիրակի, 19 Սեպտեմբեր 2010 - Հայ կաթողիկէ ընկերային հաղորդամիջոցներու համագումար

 

Պէյրութ Լիբանան

 

Միջին Արեւելքի կաթողիկէ Եկեղեցիներու յատկացուած յառաջիկայ հոկտեմբերի Վատիկանի մէջ տեղի ունենալիք՝ յատուկ սիւնհոդոսի նախօրեակին Հայ կաթողիկէ պատրիարքութիւնը քումարած է հայ կաթողիկէ ընկերային հաղորդամիջոցներու  համաժողով մը, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 24 եւ 25 սեպտեմբերին Լիբանան՝ պատրիարքարանի ՀԿՄ Արարտեան սրահին մէջ։Համագումարի յայտագիրը կ'ընդգրկէ ընդհանուր ներկայացում եւ ծանօթացում  հայ կաթողիկէ հաղորդամիջոցներու գործունէութեան, ինչպէս նաեւ զեկուցումներ եւ միջամտութիւններ։ Համաժողովի ընթացքին անդրադարցում պիտի կատարուի  հայ կաթողիկէ հաղորդամիջոցներու այսօրուան իրողութեան եւ ապագայի դերին մասին։

 

Համաժողովը պիտի նախագահէ Ամենապատիւ տէր Ներսես Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս  պատրիարքը, մասնակցութեամբ հայ կաթողիկէ ընկերային հաղորդամիջոցներու բոլոր պատասխանատուներուն։

 

Բացման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ 24 սեպտեմբեր 2010 ժամը 16:00-ին հոգեւոր տիրոջ ողջոյնի պատգամով, իսկ փակումը նախատեսուած է շաբաթ 25 սեպտեմբերի  ժամը 13:00-ին։

 

Այս հանդիպումը պիտի քննարկէ Միջին Արեւելքի համար յատուկ սիւնհոդոսի նախապատրաստական թղթածրարի ընկերային հաղորդամիջոցներու գործունէութեան ու դերին վերաբերող հատուածները։ Ջանալով պատասխաններ տալ այն հարցումներուն զոր կ'ուղղէ թղթածրարը, եւ այժմէական առաջարկներ ներկայացնելով այս ուղղութեամբ։ Այս գծով տեղի պիտի ունենան միջամտութիւններ եւ վկայութիւններ ընկերային հաղորդամիջոցներու մարզին մէջ գործող պատասխանատու վարիչներու կողմէ ի գործ դնելու նպատակով նոր ուղեգիծ մը  լաւագոյն կերպով արտացոլացնելու ընդհանրական Եկեղեցւոյ եւ ի մասնաւորի Հայ կաթողիկէ նուիրապետութեան դիմագիծը՝ անոր ուսուցումն ու վարդապետութիւնը` եւ տարածելու ամբողջ աշխարհին քրիստոնէական արժէքները։

 

Նշենք, որ վերջին ամիսներու ընթացքին  այս համագումարի նախապատրաստական գործնդացով տեղի ունեցան 3 խորհրդակցական ժողովներ` առաջինը Հռոմի քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարանին մէջ յուլիս 2010-ին երկրորդը եւ երրորդը  Լիբանան օգոստոս եւ սեպտեմբեր ամիսներու ընթացքին։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ