Երկուշաբթի, 10 Նոյեմբեր 2014 - Անուանակոչութիւն Զմմառու Սուրբ Միքայէլ Ընծայարանի

 

 

 

Զմմառ

«Լաւագոյն նորը մոռցուած հինն է»:

 

Այս սկզբունքէն մեկնած Զմմառեան Միաբանութեան Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան Դպրեվանքի եւ Սուրբ Միքայէլ Ընծայարանի սաները կրթօճախի անուանակոչութեան գեղարուեստական յայտագիրը նուիրեցին միջնադարեան մեր տաղերգուներուն, որոնք իրենց շարականներով, տաղերով, մեկնութիւններով, ճառերով, եւ մշակոյթի այլ մարզերով հարստացուցած են մեր հոգեւոր գանձնարան-շտեմարանը:

Նախագահութեամբ՝ Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկիս Պատրիարքի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց, նախաձեռնութեամբ՝ դպրեվանքի տեսչութեան, ներկայութեամբ Լիբանանի մօտ ՀՀ-ի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիար Աշոտ Քոչարեանի, լիբանանահայ երեսփոխաններու, հայ կաթողիկէ կղերաց դասին, կրթական մշակներու եւ այլ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու, շաբաթ 8 նոյեմբեր 2014-ի կէսօրուայ ժամը 12:00-ին, Զմմառեան Միաբանութեան Մայրավանքի Վերափոխման Սրբոյ Կուսին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեպարար սուրբ Պատարագ զորս մատոյց Գերպծ. հայր Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեան, Պատրիարքական Փոխանորդ Զմմառու Միաբանութեան եւ Մեծաւոր Զմմառու վանքի: Վանահայրը քարոզին մէջ հրեշտակապետերու կարեւորութեանը շուրջ գեղեցիկ մեկնաբանութիւն մը ըրաւ. ապա շնորհաւորեց բոլոր անոնց որոնք կը կրեն Գաբրիէլ, Միքայէլ եւ Ռաֆայէլ անունները եւ մաղթեց, որ դպրեվանքը միեւնոյն թափով շարունակէ ծաղկիլ եւ բարգաւաճիլ սուրբ Միքայէլ Հրեշտակապետին հովանիին ներքոյ: Ան աւելցուց «բոլորեցինք 50 տարիները եւ Աստուծմով կանգուն պիտի մնանք եւ դիմագրաւենք բոլոր փոթորիկներուն ու դիմաւորենք նորանոր ամեակներ. Քանի դեռ հայու սիրտը հայօրէն եւ քրիստոնէավայել կը տրոփէ: Ուրեմն եկէ՛ք հաւատարիմ մնանք մեր Զմմառեան ուխտին եւ պատուանդանի վրայ պահենք մեր պապերէն մեզի կտակ մնացած սոյն Միաբանութիւնը»:

 

Յաւարտ սուրբ եւ անմահ պատարագին, ներկաները հիւրընկալուեցան դպրեվանքի սեղանատունը: Ընծայարանի «Օ՛ն դու ակումբ» քայլերգով ընթացք առած հացկերոյթին հանդիսավար՝ Լեւոն Ստեփան ողջունեց ներկաներուն: Բացման խօսքին մէջ Յովհաննէս Չագըրեան ակնարկութիւն մը կատարեց սուրբ Գրիգոր Նարեկացիին «Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ» հռչակուելու շուրջ Հայ Կաթողիկէ նուիրապետութեան ծաւալած աշխատանքին եւ աւելցուց թէ «յայտագիրը՝ խօսուն դարձնելու միտումով, իւրաքանչիւր ստեղծագործութեան պիտի զուգակցի տուեալ հեղինակի ստեղծագործութենէն՝ ձեռագիր մատեանի նմոյշներ. Զոր մեծ խնամքով պահպանուած են միաբանութեանս մատենադարանին մէջ: Որոնցմով Զմմառու Միաբանութեան մատենադարանը՝ հայրենի եւ սփիւռքի հայագէտներու կողմէն դասուած է՝ հայոց 5-րդ հայագիտական կեդրոնը: Մեր նպատակն է պեղելով մատենադարանիս մէջ գտնուող միջնադարեան գանձերը եւ այնտեղ անթեղուած գոհարները մատուցել, որոնք մեր ազգի հոգեւոր հարստութիւններն ու հպարտանքն են»:

Ապա շեշտեց որ հայկական վերածնունդը ստեղծեցին եւ աւարտին հասցուցին հայոց հոգեւոր դասը, եւ տուեալ խօսքին որպէս ապացոյց ժառանգաւորները ներկայացուցին գեղարուեստական յայտագիր որը սկիզբ առաւ միջնադարեան գրականութեան հիմնադիր՝ Գրիգոր Նարեկացիի Տիրամօր նուիրուած «Տաղ Վարդավառի» ստեղծագործութեամբ զորս ասմունքեց Արարատ Աղաճանեան: Առակագիրներ՝ Մխիթար Գօշի եւ Վարդան Այգեկցիի առակներէն նմոյշներ ընթերցեցին՝ Յակոբ Կրպոյեանն ու Սերժ Քէշիշեան:

Նահապետ-Քուչակի «Կռունկ» հանրայայտ ստեղծագործութիւնը, նորընծաներ Հրակ Վահրատեան, Սարգիս Մարաշլեան, Քրիստ Միքայէլ ու Յովիկ Գոյունեան ներկայացուցին:

Ներսէս Շնորհալիի «Նոր Ծաղիկ» շարականը երկձայն մեկնաբանեցին դպրեվանքի սաները. ղեկավարութեամբ դպրեվանքի փոխ-տեսուչ՝ գերապատիւ Մաշտոց վրդ. Զահթէրեանի:

Միջնադարու վերջին հեղինակ Սայաթ-Նովայի գլուխ գործոցներէն «Քանի Վուր Ջան իմ»ը մեներգեց Վարդան Ճալլուֆ, ժառանգաւորաց երգչախումբի ընկերակցութեամբ:

Գեղարուեստական յայտագրին ընթացքին ցուցադրուեցան Զմմառու Արծիւեան Միաբանութեան մատենադարանին մէջ խնամքով պահուած վերոյիշեալ հեղինակներու ստեղծագործութիւններէն ձեռագիր նմոյշներ:

Այնուհետեւ դպրեվանքի տեսուչ՝ գերապատիւ հայր Բարսեղ Վրդ. Պաղտասարեան փոխանցեց տեսչութեան խօսքը: Ան յորդորեց սաներուն ըլլալ հաւատարիմ միաբաններ «եթէ ըլլաք հաւատարիմ եւ նախանձախնդիր միաբաններ, ապա ինքնին կը դառնաք տիպար, անբիծ եւ ամբասիր հոգեւորականներ եւ մաքրամաքուր ազգայիններ, քանզի այս երկուքը՝ հաւատքն ու ազգը միաձուլուած են միմեանց հետ եւ դարձած մէկ ամբողջութիւն եւ որով հռչակուած է մեր Միաբանութիւնը: Այսպիսով բարձր պահած կ'ըլլաք Զմմառեան Միաբանութեան պանծալի անունը»: Ապա, տեսուչ հայրը դպրեվանքի անուանակոչութիւնը շնորհաւորելով եզրափակեց խօսքը:

 

Ետքը, 1662 «Տաղաչափութիւնք Ներսէս Շնորհալիոյ» մատեանէն վերցուած՝ խորանի պատկերով պատրաստուած կարկանդակը բաժնեցին հոգեւոր Տէրը, Մեծաւոր հայրը, Դպրեվանքի տեսուչն ու փոխ տեսուչը:

Աւարտին, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը Ֆրանչիսկոս Քահանյապետին հռչակած ընտանիքին տարուան շուրջ մեկնութիւն կատարեց եւ վեր առաւ հայ ընտանիքի անհրաժեշտութեանը, ուր կը պատրաստուի ապագայ հայը իր բովանդակ իմաստով: Ապա խրախուսական մաղթանքներ ուղղեց ժառանգաւորներուն եւ նորընծաներուն, շնորհաւորեց դպրեվանքի տօնը եւ «Տէրունական աղօթք»ով փակեց հացկերոյթը:

 

 Տիգրան կիսասարկաւագ Փիլիպոս


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ