Երկուշաբթի, 10 Հոկտեմբեր 2011 - Հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսը


Պէյրութ

Վաղը՝ երեքշաբթի 11 հոկտեմբեր 2011-ին, Զմմառու վանքին մէջ պիտի գումարուի հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց սիւնհոդոսը նախագահութեամբ` ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս Պատրիարքին։
Սիւնհոդոսական նիստերուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Միջին Արեւելքի, Եւրոպայի, Հայաստանի ու Ամերիկաներու հայ կաթողիկէ թեմերու առաջնորդները։
Շուրջ 10 օր տեւող սիւնհոդոսին ընթացքին, պիտի քննարկուին հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հրատապ հարցերը։
Նիստերու աշխատանքի ժամանակացոյցը կը նախատեսէ դռնբաց եւ դռնփակ նիստեր։
Դռնբաց նիստերու ընթացքին պիտի շօշափուին ի մէջ այլոց` Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի Տիեզերական Եկեղեցւոյ վարդապետի տիտղոսին առընչութեամբ յաջորդ միջոցառումները, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի պետական յանձնաժողովի աշխատանքները, կաթողիկէ նուիրապետութեան ընկերային հաղորդամիջոցներու իրողութիւնը եւ ապագայի ծրագիրները ու պատրիարքական զանազան յանձնախումբերու գործընթացքը։
Սիւնհոդոսական հայրերը ապա յատուկ ժամանակ պիտի տրամադրեն 2012-ին՝ Վատիկանի մէջ գումարուելիք Տիեզերական Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսին, որ տեղի պիտի ունենայ 7-28 Հոկտեմբեր 2012-ին՝ «Նոր Աւետարանացումը» խորագրով։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ