Հինգշաբթի, 28 Յունիս 2012 - ՀՈՎԻՒԸ՝ ԳՐԻԳՈՐ ՆԱՐԵԿԱՑԻՆ


Ազգ մը կը պահպանուի եւ անոր դիմագիծը անաղարտ կը մնայ իր մայրենի լեզուով, մշակոյթով եւ հոգեկան-իմացական ապրումներով ու արժէքներով: Հայ ազգը հանրածանօթ է իր բազմադարեան ազգային եւ հոգեմտաւոր հարստութիւններով: Հայ ժողովուրդն ալ կ'ապրի իբրեւ ուրոյն ազգ, իր լեզուով ու մշակոյթով, շնորհիւ հայ դպրոցին, հայ ակումբին ու հայեցի դաստիարակութեան, հայ մամուլին եւ հայկական տեղեկատուական միջցոներուն: Այս մէկը կը պահանջէ կամք եւ անսահման զոհողութիւն, որովհետեւ շատ դժուար է սեփական-ազգային մշակոյթ եւ մտածում զարգացնել, մանաւանդ Հայրենիքէ դուրս օտար միջավայրի մէջ:

Հայրենիքէն ներս թէ դուրս, հայ նոր սերունդին հայեցի մթնոլորտ եւ շունչ ապահովելու, հայ ազգային մշակութային, պատմական ու հոգեւոր հարստութեան ծանօթացնելու, ազգային պատկանելիութեան խոր գիտակցութիւն եւ հպարտութիւն արթնցնելու նպատակով, հայկական պետութիւնն ու սփիւռքահայ կառոյցները զանազան միջոցներով ու միջոցառումներով կ'աշխատին այս ուղղութեամբ: Արդարեւ, այսօր մեզի կը հրամցուի հայաստանեան պատրաստութեամբ «Հովիւը» ֆիլմը, որ կը ներկայացնէ հայ կրօնական ու հոգեւոր ժառանգութեան մեծագոյն ու կարեւորագոյն դէմքերէն՝ Գրիգոր Նարեկացիի կեանքը եւ ստեղծագործութիւնը:

Նարեկացի, հայ միջնադարեան հոգեւորականը, բանաստեղծը եւ փիլիսոփան, հայ գրականութեան վերածնութեան հիմնադիրն է եւ այդ փիլիսոփայութեան մտքի գագաթը: Ֆիլմին մէջ ներկայացուած է Նարեկացի վարդապետին գեղարուեստական ու հոգեւոր մտածողութիւնը. ան տաղերով եւ բանաստեղծութիւններով իր աստուածային հաւատաքը վերածած է խօսքի, հաղորդելով հոգիներուն վրայ ներգործելու տիրական ազդեցութիւն: Անոր խօսքերը կը թափանցեն մարդ արարածի հոգիին խորքը եւ կ'ապրեցնեն զինք:

Նարեկացին այն ճշմարիտ հաւատացեալներէն մէկն է, որ դասուած է սուրբերուն շարքը եւ յաւերժական փառք նուաճած իր աստուածային հանճարով: Եւ այս մէկը շատ գեղեցիկ ու բարձրորակ ոճով ներկայացուած է «Հովիւը» ֆիլմին մէջ, որուն հեղինակն է Արթուր Էտար, բեմադրիչ՝ Արտակ Ավտալեան, իսկ դերերով՝ Արթուր Կարապետեան, Ռոպերթ Յարութիւնեան, Հայկ Սարգսեան, Արթուր Նալպտանեան եւ Աիտա Սիմոն: Ֆիլմը լիբանանեան Էմփիր Սոֆիլ սրահէն ներս ցուցադրուեցաւ մէկ շաբթուան տեւողութեամբ՝ 22-27 Յունիս 2012-ին:

Դժբախտաբար ցուցադրութեան օրերուն ընթացքին սրահները պէտք եղած քանակութեամբ լեցուած չէին. ֆիլմը ափսոս, որ արժանաւորապէս չգնահատուեցաւ հանդիսատեսներու առումով: Շատեր թերեւս նոյնիսկ չիմացան անոր մասին եւ կամ թերագնահատեցին հայկական պատրաստութեամբ այս շարժանկարը, որ իսկապէս գնահատելի է իր նիւթով, բնագիրով, պատրաստուած ձեւով, դերասաններու կատարողութեամբ եւ նկարահանման արհեստագիտութեամբ:

Անգլերէնով թարգմանուած ենթավերնագիրները առիթ կու տային նաեւ օտար հանդիսատեսներու՝ հետեւելու եւ հասկնալու ֆիլմին նիւթը եւ պատմութիւնը, ծանօթանալով հայ հրաշագործ սուրբի կեանքին եւ ապրելակերպին մանաւանդ, որ վերջին շրջանին արեւմտեան շարք մը երկիրներու մէջ որոշ հետաքրքրութիւն արթնցած է Գրիգոր Նարեկացիի ու անոր ստեղծագործութեան հանդէպ, ի մասնաւորի անոր գլուխ-գործոց «Մատեան Ողբերգութեան» նկատմամբ:

Նարեկացի, որ ֆիլմին մէջ ներկայացուած է որպէս գիւղին հօտը արածող հովիւը, որ իր նուիրեալ կեանքով քարոզեց Քրիստոսի վարդապետութիւնը եւ դարձաւ անոր իտէալ օրինակը, իրաւացիօրէն եղած է մեր հոգեւոր կեանքը առաջնորդող հովիւը, որ մեզ ուղղեց դէպի մարդկութեան փրկութեան ճամբան, դէպի լոյսը Աստուծոյ, դառնալով հայ ազգային հոգեմտաւոր արժէքներու տիտաններէն, որուն հարստութիւնը յաւերժական է իր հոգիին նման, եւ որ իր ստեղծագործութիւններով ու աստուածահաճոյ կեանքով դասուեցաւ սուրբ մը, հայ սուրբ մը, որուն բարեխօսութեան կ'ապաւինինք ու իր միջամտութեան կը դիմենք բազմաթիւ նեղութիւններու ընթացքին:

Ինչպէս չհպարտանանք մեր ազգութեամբ, երբ հայ ժողովուրդը ունի ազգային, մշակութային եւ հոգեւոր գերակշիռ անթիւ ու անհամար հարստութիւններ, որոնք կու գան մեծարժէք դարձնելու արդէն մեծահարուստ ազգային ժառանգութիւնը:
Յոյսով ենք, որ իրերայաջորդ կերպով մեր պատմութեան բոլոր մեծութիւնները տեսաերիզներու միջոցով կը ներկայացուին օտար հանրութեան, որպէսզի փառաւոր եւ դարաւոր անցեալ եւ ոսկեդարու պատմութիւն ունեցող հայ ժողովուրդը ստանայ իր արդար հպարտութեան առիթը եւ օտար ազգերը գիտակցին, թէ այս հին բայց երբեք չհինցող ժողովուրդը, մահուան աչքերուն մէջ նայած ու զայն մերժած ժողովուրդը, յաւերժական կը մնայ, որովհետեւ ունի անմահական արժէքներ թողած տիտան անձնաւորութիւններ:

ԼԻՒՍԻ ՏԷՕՔՄԷՃԵԱՆ            


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ