Հինգշաբթի, 30 Օգոստոս 2012 - Աշրաֆիէի Հ.Կ.Մ. Պատանեկանի 27 ամեակի տօնակատարութիւն


Պէյրութ
 
Կիրակի, 26 օգոստոս 2012, Աշրաֆիէի Հ.Կ.Մ. Պատանեկանի խորհուրդը կազմակերպեց Միութեան 27 ամեակին նուիրուած երեկոյ մը հովանաւորութեամբ Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին, եւ նախագահութեամբ պետական երեսփոխան մեթր Սերժ Թուրսարգիսեանին, պատրիարքարանի պարտէզին մէջ:

Այս ձեռնարկին ներկայ էին Պատանեկանի հոգեւոր վարիչներ, նախկին Հ.Կ.Մ-ականեր, հրամանատարներ, վարդապետներ եւ զանազան անձնաւորութիւններ: Բացման խօսք ըսաւ Պատանեկանի հրամանատար Յակոբ Թերճանեան, ապա հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան իր խօսքին մէջ յիշեց լուսահոգի Աշգարեան գերապայծառը, եւ յայտնեց որ այս ձեռնարկին հասոյթը պիտի յատկացուի հոգալու տարեկան բանակումի ծախսերը: Բարի գալուստ յայտնեց նաեւ  Հիւսիսային Ամերիկայի վաստակաւոր առաջնորդ արհիապատիւ հայր Մանուէլ եպիսկոպոս Պաթագեանին:  

Ձեռնարկին ելոյթ ունեցաւ Աղթամար նուագախումբը, որուն անդամներէն ոմանք անցած են Հ.Կ.Մ. պատանեկանի շարքերէն:


    


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ