Երեքշաբթի, 13 Յունուար 2015 - Պատրիարք Եունան Այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան

 

Պէյրութ

Շաբաթ, 10 Յունուար 2015, կէսօրէն ետք, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը Պատրիարքարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը ասորի կաթողիկէներու Պատրիարք ամենապատիւ Իգնատիոս Եուսէֆ Եունանի, որուն կ'ընկերակցէր բարձրաստիճան հոգեւորականներու պատուիրակութիւն մը։ Ասորի կաթողիկէներու համայնքապետը եկած էր Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առթիւիր շնորհաւորութիւններն ու բարեմաղթանքները յայտնելու ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ։ Այցելութիւնը միաժամանակ առիթ մը եղաւ անդրադառնալու շրջանային կացութեան եւ մասնաւորաբար Իրաքի քրիստոնեաներու դիմագրաւած ծանրագոյն դժուարութիւններուն։ Երկու համայնքապետերը վերահաստատեցին դժուարին իրավիճակներու մատնուած քրիստոնեայ հասարակութիւններուն ամէն գնով եւ ամէն ձեւով մօտիկութիւն ցոյց տալու եւ զօրակցելու անհրաժեշտութիւնը։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ