Հինգշաբթի, 2 Օգոստոս 2012 - Հաւատքի տարւոյն մասին ներկայացում ‏«L'Osservatore Romano»ի մէջ


Վատիկան

Նոր աւետարանացման քահանայապետական խորհուրդի նախագահ մոնսինիոր Ֆիսիքելլա,‏ «L'Osservatore Romano»ի 1 օգոստոսի թիւին մէջ կը ներկայացնէ միջազգային Հաւատքի տարւոյն ձեռնարկներու ժամանակացոյցը։

Ան կը նշէ թէ այս տարւոյն ընթացքին տիեզերական յատուկ օրեր պիտի յատկացուին նուիրեալներուն, երիտասարդներուն, եղբայրակցութիւններուն, հասարակաց շարժումներուն, կղերականներուն եւ նորընծայ հոգեւորականներուն։

Երկու հիմնական համերգներ պիտի կազմակերպուին, առաջինը՝ Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, իսկ երկրորդը՝ Վատիկանի Պօղոս Զ. անուան հանդիսասրահին մէջ, ինչպէս նաեւ տեղի պիտի ունենայ ցուցահանդէս «Saint-Ange» պալատին մէջ։

Հաւատքի այս տարին կը զուգադիպի Վատիկան Բ. համաժողովին (1962) յիսնամեակին հետ եւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ քրիստոնէական կանոնագրին հրատարակութեան հետ (1992)։

Այս տարւոյն սկիզբը, բացումը պիտի կատարուի «Նոր Աւետարանացման» համար յատուկ սիւնհոդոսին յառաջիկայ 7 հոկտեմբերին, եւ պիտի ընթանայ մինչեւ 28 հոկտեմբեր 2012, Վատիկանի մէջ։

Ի վերջոյ, մոնսինիոր Ֆիսիքելլա կը հաստատէ թէ Հաւատքի տարին առիթ է «վերապրելու հաւատքը», լուսաւորելու համար ամէն անհատին սիրտն ու հոգին։

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ