Ուրբաթ, 27 Փետրուար 2009 - Վարդանանց Տօնակատարութիւն Քեսապի Մէջ

Քեսապ, Սուրիա

 
Վարդանանց տօնին առթիւ, Հինգշաբթի՝ 19 Փետրուար 2009-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Քեսապի Ս. Միքայէլ եկեղեցւոյ մէջ, Ս. Պատարագ
 
մատուցանեց Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ հայր Գարեգին վրդ. Քէօշքերեան, ապա ժամը 11:00-ին Քեսապի երեք յարանուանութեանց հոգեւոր հայրերը եւ հաւատացեալները հաւաքուեցան Հայ Առաքելական եկեղեցիէն ներս, յիշատակելու համար Սրբոց Վարդանանց տօնը:
Քաջ Վարդանի ճառին ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքը կատարեց պատուելի Սեւակ Թրաշեան, շեշտելով Վարդանանց անմահներու ճակատագրական դերին, ի խնդիր Հայ ազգին հաւաքտին եւ պահպանման:
Բացման խօսքէն ետք, ելոյթ ունեցաւ Քեսապի Միացեալ Երգչախումբը խմբավարութեամբ հայր Գաերգին վրդ. Քէօշքերեանի, կատարելով «Նորահրաշ» շարականը, «Ի Զէն Հայեր» եւ «Հզօր Հայաստան Դառնանք» ազգաշունչ երգերը:
Հայր Գարեգին փոխանցեց օրուան պատգամը, հակիրճ կերպով ներկայացուց Աւարայրի ճակատամարտի հերոսապատումը: Ան ըսաւ, «Վարդանանց սուրբերը կրցան զանազանել հոգեւորը նիւթէն, երկինքը երկրէն, յաւիտենականը ժամանակաւորէն եւ ճշմարիտը կեղծէն»: Հայր Գարեգին շարունակեց իր խօսքը ըսելով թէ հայերը կորսնցուցին այդ ճակատամարտը, բայց տարին վերջնական յաղթանակը պատերազմին, 33 տարուան յամառ պայքարէ ետք, Պարսիկին պարտադրելով յարգել եւ ճանչնալ մեր ազգը՝ որպէս քրիստոնեայ ինքնուրոյն դիմագիծի տէր ազգ: Վարդապետը նշեց թէ Քեսապն ալ կորսնցուցած է կարգ մը ճակատամարտներ, սակայն պատերազմը տակաւին չէ կորսնցուցած, կոչ ուղղելով բոլորին նորոգելու մեր հայրերուն ուխտը, շարունակելով ապրիլ, զարգանալ եւ բարգաւաճիլ միշտ Վարդանանց ոգիով, համոզումով ու գաղափարականով: Պատգամէն ետք, երգչախումբը կատարեց «Աւարայրի Դաշտ», «ՄԵսրոպեան Երգ», «Բամբ Որոտան», «Կիլիկիա» երգերը եւ «Աշխարհի Լոյս» շարականը, որուն երաժշտութիւնը գրած է հայր Գաերգին: Ձեռնարկի փակման խօսքը արտասանեց տէր Եղիշէ քհն. Սարգինսեան: Ան կոչ ուղեց մինասնականութեան եւ միութեան օրինակ ունենալով Վարդան եւ իր ընկերները: Ապա Տէրունական աղօթքով վերջ գտաւ այս հանդիսութիւնը:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ