Կիրակի, 14 Օգոստոս 2011 - Պայծառակերպութեան տօնին Բենեդիկտոս ԺԶ. կը պատգամէ երիտասարդութեան


Հռոմ

«Արմատացած Քրիստոսի մէջ եւ հաստատ հաւատքով» Մատրիտ 2011

6 օգոստոս 2010-ին, Պայծառակերպութեան տօնին, սրբազան քահանայապետը պատգամ մը ուղղած է երիտասարդներուն ի տես 2011-ի երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան։ Իր պատգամին մէջ Պենետիկտոս ԺԶ. նշած է  թէ ինչպէս 1989-ին, Պերլինի պատի փլուզումէն մի քանի ամիս առաջ, երիտասարդները ուխտագնացութիւն կատարած էին Սպանիոյ Սանդիակօ Տէ Գոմբոսդելլա սրբավայրը, այժմ  երբ Եւրոպան պէտք ունի վերագտնելու իր քրիտոնէական արմատները, նոր ժամադրոթիւն մը ունինք Մատրիտի մէջ, ուր պիտի խորհրդածենք «Արմատացած Քրիստոսի մէջ ու Հաստատ հաւատքով» նիւթին շուրջ:
Ձեռնարկը սրբազան քահանայապետին համաձայն, կարեւոր առիթ մըն է եւրոպական եւ տիեզերական եկեղեցւոյ համար։ Ան կը յուսայ, որ համայն երիտասարդութիւնը, ըլլան հաւատացեալները, ըլլան տարակուսողները եւ Քրիստոսի չհաւատացողները, անոնք եւս պիտի կարենան ապրիլ այս փորձառութիւնը, որ վճռական կրնայ հանդիսանալ իրենց կեանքէն ներս։

Աստուած է կեանքի աղբիւրը. զինք ջնջելը կը նշանակէ այս աղբիւրէն հեռանալ եւ զրկուիլ ուրախութեան լիութենէն։ Արարածը առանց արարիչին կ'անհետանայ։ Այսօրուայ մշակոյթը, մանաւանդ մի քանի շրջաններու մէջ, կը ջանայ մերժել զԱստուած եւ նկատել հաւատքը որպէս անհատական երեւոյթ, որ ոեւէ ազդեցութիւն չունի հասարակական կեանքին վրայ։ Մինչ իրականութեան մէջ արժէքները, որոնք ընկերութեան հիմն են, կը բխին Աւետարանէն ու զանոնք կորսնցնելով կը կորսուի նաեւ մեր ինքնութիւնը։
Ասոր համար է, որ  սրբազան քահանայապետը հրաւիրեց երիտասարդները աւելիով խորացնելու իրենց հաւատքը, որովհետեւ, ըսաւ ան երիտասարդներուն, դուք էք ընկերութեան եւ Եկեղեցւոյ ապագան։

«Արմատացած Քրիստոսի մէջ եւ հաստատ հաւատքով» խօսքը պարզ խորագիր մը չէ այլ կեանքի օրակարգ մը։ Առանձնական զրոյց ունեցէք Յիսուսին հետ, եւ ճանչցէք զինք Աւետարանի ընթերցումին եւ Եկեղեցւոյ քրիտոնէականին միջոցաւ։ Վստահեցէք իրեն ու ան ձեզ երբեք յուսախափ պիտի չթողու։


 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ