Ուրբաթ, 12 Յուլիս 2013 - Գուսա եպիսկոպոսին շնորհաւորագրերը Րամատանի առթիւ
Գահիրէ

9 յուլիս 2013-ին, Աղեքսանդրիոյ հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ՝ գերպծ. հայր Օգոստինոս եպս. Գուսա Րամատանի առթիւ շնորհաւորագրեր յղած է Եգիպտոսի ժամանակաւոր նախագահ՝ Ատլի Մանսուրին, հանրապետութեան Միւֆթի՝ Շաուքի Իպրահիմ Ապտըլ Քարիմին եւ շէյխ Ազհար՝ Իմամ Ահմատ Թայյէպին, յայտնելով իր բարեմաղթանքները Եգիպտոսի պետութեան եւ ժողովուրդին:

Ինչպէս նաեւ, 4 յուլիս 2013-ին, արհի. հայր Օգոստինոս եպս. Գուսա շնորհաւորական նամակ մը ուղղած է Եգիպտոսի հանրապետութեան նորանշանակ նախագահ՝ Ատլի Մանսուրին՝ մաղթելով անոր իմաստութեամբ ու շրջահայեցութեամբ դրոշմուած պաշտօնաշրջան մը՝ ի խնդիր Եգիպտոսի խաղաղութեան եւ բարեկեցութեան վերականգնումին:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ