Երկուշաբթի, 25 Մարտ 2013 - Ծաղկազարդի սուրբ Պատարագ Պատրիարքարանի Աւետման եկեղեցւոյ մէջ

Աշրաֆիէ

Կիրակի 24 մարտ, առաւօտեան ժամը 10.30-ին հայրապետական սուրբ Պատարագ մատոյց եւ քարոզեց Արհի հայր Մանուէլ Եպիսկոպոս Պաթագեան, վաստակաւոր առաջնորդը Հիւսիսային Ամերիկայի, առընթերակայութեամբ տեղւոյն ժողովրդապետ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեանին եւ փոխ ժողովրդապետ տէր Կարապետ Թադէոսեանի:

Երգեցողութիւնը կատարեց Կիլիկիա երգչախումբը, իսկ երիտասարդները եւ ՀԿՄ-ի պատանիները սպասաւորեցին սուրբ խորանին:

Պատարագին մասնակցեցաւ բազմութիւն մը հաւատացեալներու: Արարողութեան աւարտի օրհնուեցան ձիթենիի ճիւղերը եւ մեծ թափօր կազմուեցաւ Արհի. Պաթագեանի հանդիսադրութեամբ եւ մանուկներու մասնակցութեամբ: Թափօրի աւարտին կատարուեցաւ անդաստան:

Արհիապատիւ հայր Մանուէլ իր քարոզին մէջ նշեց, որ Քրիստոսի գալուստը յԵրուսաղէմ անցեալի պատմութիւն չէ: Ան տեւապէս կու գայ այցելելու մեզի զանազան կերպերով եւ կը բախէ դռները մեր սրտերուն. անիկա կ'ուզէ իշխել բայց ոչ աշխարհին վրայ, այլ մեր հոգիներուն մէջ, ոչ տիրապետելու, այլ մեզ առաջնորդելու համար ճշմարտութեան ու սիրոյ ճամբուն վրայ, որ կը տանի երկնքի թագաւորութեան: Ան քաջալերեց հաւատացեալները, որ միշտ դիմաւորեն Քրիստոսը, որ կու գայ մեր թաղերուն մէջ, մեր տուներուն մէջ, ընտանիքներուն մէջ եւ մեր կեանքին մէջ: Վաստակաւոր առաջնորդ գերապայծառը, որ օգնական եպիսկոպոս ալ եղած էր Պատրիարքական թեմին, վերադառնալով իրենիններուն մէջ, իր հայրական ներկայութեամբ մեծ ուրախութիւն եւ հոգեւոր հրճուանք ստեղծեց: Երկար ու առողջ կեանք անոր:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ