Երեքշաբթի, 13 Ապրիլ 2010 - Գոյժ՝ Հայր Անդրէաս Եպս. Պետողլեանի

Պէյրութ, Լիբանան

 

Ամենապատիւ Տէր Ներսէս- Պետրոս ԺԹ.Կաթողիկոս-Պատրիարքը, Զմմառու Պատրիարքական Արծիւեան միաբանութիւնը եւ Պետողլեան ընտանիքը կը գուժեն երջանկայիշատակ` Հայր Անդրէաս Եպս. Պետողլեանի (նախկին ընդհանուր փոխանորդ Պէյրութի Հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմին) վախճանումը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 12 ապրիլ 2010-ին առաւօտեան, Սեն Ժորժհիւանդանոցին մէջ, Աժալթուն:

 

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի չորեքշաբթի, 14 ապրիլ 2010-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:30-ին, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Սուրբ Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ վախճանեալինմարմինը պիտի փոխադրուի Զմմառու մայրավանքը, ուր պիտի ամփոփուի միաբանականդամբարանին մէջ, երեկոյեան ժամը 6:00-ին:

 

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յուղարկաւորութենէն ետք, ինչպէս նաեւ հինգշաբթի, 15 եւ ուրբաթ, 16 ապրիլին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-էն 7:00, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ- Սուրբ Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ սրահին մէջ:

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ