Չորեքշաբթի, 2 Նոյեմբեր 2011 - Սրբազան քահանայապետին նոյեմբեր ամսուայ աղօթքի դիտաւորութիւնները


Վատիկան

Նոյեմբեր ամսուայ համար, Բենեդիկտոս ԺԶ. սրբազան քահանայապետը ընտրած է որպէս աղօթքի ընդհանրական դիտաւորութիւն` աղօթել Արեւելեան կաթողիկէ Եկեղեցիներու համար, որպէսզի անոնց մեծարժէք աւանդութիւնը ճանչցուի եւ գնահատուի, որպէս համայն եկեղեցւոյ հոգեւոր հարստութիւն։
Ապա սրբազան քահանայապետը առաջարկած է որպէս առաքելական դիտաւորութիւն՝ որ Ափրիկեան ցամաքասը Քրիստոսի մէջ գտնէ ուժը իրականացնելու հաշտութեան եւ արդարութեան այն ուղեւորութիւնը որուն մասին ակնարկուած էր Ափրիկէի եպիկոպոսներու Սիւնհոդոսի ընթացքին։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ