Չորեքշաբթի, 4 Յունիս 2014 - ՀՀ նախագահական հրամանագիրով պարգեւատրուող հայ կաթողիկէ հոգեւոր հայրերը

Երեւան

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Սերժ Սարգսեան՝ ղեկավարուելով  Հ Հ Սահմանադրութեան 55-րդ յօդուածի 16-րդ կէտով եւ հիմք ընդունելով «Հայաստանի Հանրապետութեան պետական պարգեւներու մասին» ՀՀ օրէնքը, Հանրապետութեան տօնին առթիւ, հայրենիք-սփիւռք կապերու զարգացման իրենց բերած նպաստին, ինչպէս նաեւ հայապահպանութեան գործին մէջ ներդրած աւանդին համար, 23 մայիս 2014-ին ստորագրած հրամանագիրով պետական պարգեւներ ու կոչումներ շնորհեց հայրենի եւ սփիւռքահայ բազմաթիւ ներկայացուցիչներու, որոնց շարքին՝ Մովսէս Խորենացի մետալով պարգեւատրուեցան
• Արհիապատիւ Տէր Պետրոս արք. Միրիաթեան,
Առաջնորդ Բերիոյ թեմին եւ պատրիարքական կառավարիչ Գամիշլիի թեմին:
• Գերյարգելի հայր Անդրանիկ ծ.վ. Կռանեան,
Զմմառու պատրիարքական կղերին միաբանութեան անդամ եւ նախկին խմբագիր «Մասիս» շաբաթաթերթին:
• Գերյարգելի հայր Անդրանիկ ծ.վ. Այվազեան,
Առաջնորդական փոխանորդ Ճեզիրէի շրջանին (Սուրիա):

Կայքիս անձնակազմն ու տնօրէնութիւնը կը շնորհաւորեն արհիապատիւ եւ գերյարգելի հայրերը մաղթելով անոնց նորանոր նուաճումներ:

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ