Չորեքշաբթի, 17 Հոկտեմբեր 2007 - Ամեն. Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կը Մասնակցի Կաթողիկէ Պատրիարքներու 17րդ Համաժողովին

 

Լիբանան

Երկուշաբթի՝ 15 Հոկտեմբեր 2007ին, բացումը կատարուեցաւ Արեւելքի Կաթողիկէ Պատրիարքներու 17րդ Համաժողովին որ գլխաւորաբար պիտի քննարկէ արաբ քրիստոնեաներու ներկայութիւնը Միջին Աեւելքի Իսլամ մեծամասնութեան մէջ:
Բացումը կատարուեցաւ Ս. Պատարագով նախագահութեամբ Յոյն Կաթողիկէներու եւ Անտոքի Պատրիարք՝ Կրէկորիոս Գ.Լահհամի:
Համաժողովին կը մասնակցի Մարոնիթ Պատրիարք Նասրալլա Կարդինալ ՍՖէյր, Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ  Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը եւ Պատրիարքներ Միշէլ Սապպահ, Անթոնիոս Նաժիպ, Իգնատիոս Ը. Ապտ Ալահատ.
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ կ՛ընկերակցին Պատրիարքական Թեմի Օգնական Եպիսկոպոս՝ Արհի. Հայր Յովհաննէս Եպս, Թէյրուզեան եւ Զմմառու Միաբանութեան պատրիարքական Փոխանորդ` Հայր Միքայէլ Թ. Ծ. Վրդ. Մուրատեան: 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ