Չորեքշաբթի, 4 Մարտ 2015 - Թալին Էրկիւնէշ Թուրքիոյ խորհրդարանի երեսփոխանական թեկնածու

 

 

 

Պոլիս

 

 

(Մարմարա) Սուրբ Յակոբ հիւանդանոցի հասարակութեան հետ կապերու վարիչ եւ հայ կաթողիկէ համայնքի առաքելական կառավարիչ հայր Լեւոն արքեպիսկոպոս Զէքիեանի արարողակարգի ու հասարակութեան հետ կապերու պատասխանատու Թալին Էրկիւնէշ Կազէր դիմում կատարեց ՃԷ ՀԷ ՓԷ կուսակցութեան մօտ ու կուսակցապետի իրաւաբաժնի ցանկէն երեսփոխանական թեկնածուի թեկնածու առաջադրուեցաւ: Էրկիւնէշ այս նպատակով անցեալ շաբաթ Անգարա մեկնեցաւ եւ յանձնեց իր պաշտօնական դիմումը՝ ՃԷ ՀԷ ՓԷ կուսակցութեան ղեկավար խորհուրդին:

Թալին Էրկիւնէշ Կազէր ՃԷ ՀԷ ՓԷ կուսակցութեան Իսթանպուլի նահանգի պատուիրակ է: Ան ծանօթ է ՃԷ ՀԷ ՓԷ կուսակցութենէն ու համայնքէն ներս իր տարած աշխատանքով ու գործունէութեամբ: Վերջերս, իր կազմակերպութեամբ Սարըեէրի թաղէն ներս, ՃԷ ՀԷ ՓԷցի քաղաքապետի անունով փոքրամասնական համայնքներու հաստատութիւններու վարիչներուն եւ ներկայացուցիչներուն համար սարքուեցան սուրբ Ծննդեան եւ Ամանորեայ հաւաքոյթներ, յաջորդեց ՃԷ ՀԷ ՓԷ կուսակցապետ Քէմալ Քըլըճտարօղլուի եւ կուսակցութեան ղեկավար խորհուրդի մասնակցութեամբ Սայիտ Հալիմ Փաշա ապարանքի մէջ սարքուած հաւաքոյթը՝ փոքրամասնութիւններու կրօնական առաջնորդներու եւ վարիչներու հետ:

Թալին Էրկիւնէշ Կազէր շրջանաւարտ եղած է Բանկալթըի Մխիթարեան վարժարանի Լիսէի բաժնէն եւ Անատոլու համալսարանի զբօսաշրջութեան ու հիւրանոցային վարչագիտութեան ճիւղէն: Ան ամուսնացած է եւ մայր է զաւկի մը: Թալին Էրկիւնէշ երկար տարիներ աշխատած է զբօսաշրջութեան մարզէն ներս: Ան կը տիրապետէ անգլերէնին ու իտալերէնին: Ընտրութեան պարագային Թալին Էրկիւնէշ պիտի ըլլայ ՃԷ ՀԷ ՓԷցի առաջին հայ երեսփոխանը, իսկ խորհրդարանի՝ առաջին հայ կին երեսփոխանը: Թուրքիոյ խորհրդարանէն ներս 5 յունուար - 25 հոկտեմբեր 1961-ին, Էսաեան վարժարանի այդ օրերու Տնօրէնուհի օրիորդ Հերմինէ Գալուստեան առժամաբար երեսփոխանի կարգավիճակով մասնակցած էր նոր սահմանադրութեան պատրաստութեան:

«Կը հաւատանք որ մեր համայնքին շահերը կը պահանջեն, որ այս երկրին մէջ բոլոր կուսակցութիւններէն ներս ունենանք մեզ ներկայացնող երեսփոխաններ: Այս մտածումով յաջողութիւններ կը մաղթենք  Թալին Էրկիւնէշ կազէրին:», կը գրէ Մարմարա թերթը:

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ