Երկուշաբթի, 16 Փետրուար 2009 - Ամեն. Հոգեւոր Տէրը կը Մասնակցի Կաթողիկէ Նորընտիր Պատրիարքի Գահակալութեան Արարողութեան

 
Լիբանան

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամեն. եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը մասնակցեցաւ Ասորի Կաթողիկէ
 
նորընտիր Պատրիարք՝ Ամեն. Մար Իղնաթիոս ԵուսէՖ Գ. Եունանին գահակալութեան հանդիսութեան որ տեղի ունեցաւ Կիրակի 15 Փետրուար 2009-ին Ասորի Կաթողիկէ Ս. Կուսին Աւետման Եկեղեցւոյ մէջ:

Հանդիսութիւնը նախագահեց Ասորի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ նախկին պատրիարք՝ կարդ. Մուսա Ա. Տաուտ: Հանդիսութեան ներկայ էին նաեւ Մարոնիթ Պատրիարք Նասրալլա Կարդինալ ՍՖէյր, Քահանայապետական նուիրակի առաջին քարտուղար՝ Թոմաս Հապիպ որ կը ներկայացնէր Արեւելեան Եկեղեցիներու Խորհուրդի նախագահ՝ կար‎դ. Լէօնարտօ Սանտրին, Երուսաղէմի Լատիններու նախկին պատրաիրք՝ Միշէլ Սապպահ, Ղպտի Կաթողիկէներու պատրիարք՝ Մթանիոս Նակիպ, ինչպէս նաեւ կաթողիկէ, ուղղափառ եւ աւետարանական եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ:

 
Իր պատգամին մէջ նորընտիր պատրիարքը յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Քահանայապետին իր ցուցաբերած հոգատարութեան համար Ասորի Կաթողիկէ Եկեղցւոյ հանդէպ: Շնորհակալական խօսքեր ուղղեց նաեւ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ, եւ պատրիարքներ ՍՖէյրին եւ Նակիպին:

Ամեն. Հոգեւոր Տիրոջ կ’ընկերակցէին Պատրիարքական Թեմի Փոխանորդ՝ Արհի. Հայր Վարդան եպս. Աշգարեան եւ  Թեմի Օգնական Եպիսկոպոս՝ Արհի. Հայր Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ