Հինգշաբթի, 22 Օգոստոս 2013 - Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին Պատգամը 2013–ի «Առաքելութեանց Համաշխարհային Օր»ուան համար

Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը պատգամ մը ուղղեց 2013–ի «Առաքելութեանց Համաշխարհային Օր»ուան առթիւ, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 20 հոկտեմբեր 2013-ին: «Առաքելութեանց Համաշխարհային Օր»ը հաստատուած է 1926-ին Պիոս ԺԱ. Պապին կողմէ եւ ան կը նշուի ամէն տարուայ հոկտեմբերի երրորդ կիրակին: Ստորեւ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին ամբողջ պատգամը.

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,
Այս տարի, մինչ կ'աւարտի Հաւատքի Տարին, կը տօնակատարենք «Առաքելութեանց Համաշխարհային Օր»ը, որ կարեւոր առիթ մըն է զօրացնելու մեր բարեկամութիւնը Տիրոջ հետ եւ մեր երթը որպէս Աւետարանը քաջութեամբ հռչակող Եկեղեցի: Այս հեռանկարով, կ' ուզեմ փոխանցել քանի մը մտածումներ:
1. Հաւատքը Աստուծոյ թանկագին մէկ պարգեւն է, որ կը բանայ մեր միտքը որպէսզի կարենանք զինք ճանչնալ ու սիրել: Ան կ'ուզէ մեզի հետ յարաբերութեան մէջ մտնել մեզ մասնակից դարձնելու համար իր իսկ կեանքին եւ մեր կեանքը դարձնելու համար աւելի նշանակալից, աւելի լաւ եւ աւելի գեղեցիկ: Աստուած կը սիրէ մեզ: Սակայն, հաւատքը կը պահանջէ ընդունուիլ: Ուրեմն, մեզմէ կը պահանջէ անձնական պատասխան մը, քաջութիւնը՝ Աստուծոյ վստահելու եւ իր սէրը ապրելու, երախտապարտ՝ իր անհուն ողորմութեան: Ապա, Հաւատքը մի քանիներուն վերապահուած պարգեւ մը չէ, այլ ան կ'ընծայուի առատա-ձեռնութեամբ: Բոլորը պէտք է ապրին իրենք զիրենք Աստուծոյ կողմէ սիրուած զգալու ուրախութեան, փրկութեան ուրախութեան փորձառութիւնը: Եւ ան պարգեւ մըն է զոր կարելի չէ ինքն իրեն վերապահել, այլ պէտք է ուրիշը բաժնեկից դարձնել անոր: Եթէ ուզէինք զայն պահել միայն մեզի համար, այս պարագային պիտի դառնայինք կղզիացած, ամուլ եւ հիւանդ քրիստոնեաներ:
Աւետարանին հռչակումը՝ Քրիստոսի աշակերտ ըլլալու իրողութենէն անբաժանելի է եւ կը հանդիսանայ Եկեղեցւոյ ամբողջ կեանքը ոգեւորող մնայուն յանձնառութիւն մը: «Առաքելական թափը եկեղեցական հասարակութեան մը հասունութեան յստակ նշան մըն է» (Բենեդիկտոս ԺԶ. Առաքելական Յորդոր Verbum Domini, n. 95): Իւրաքանչիւր հասարակութիւն «չափահաս» է երբ կը դաւանի հաւատքը, զայն ուրախութեամբ կը տօնակատարէ ծիսակատարումին մէջ, եղբայրսիրութիւնը կ'ապրի եւ անընդհատ կը հռչակէ Աստուծոյ Խօսքը, դուրս գալով իր ցանկապատէն՝ զայն տանելու համար նաեւ «արուարձաններէն» ներս, մանաւանդ անոնց՝ որոնք դեռ եւս կարելիութիւնը չեն ունեցած ճանչնալու Քրիստոսը: Մեր հաւատքին ամրութիւնը, անձնական եւ հասարակային գետնի վրայ, կը չափուի նաեւ զայն ուրիշներուն հաղորդելու, զայն սփռելու, զայն եղբայրսիրութեամբ ապրելու, մեզի հանդիպողներուն եւ կեանքի ճանապարհը մեզի հետ բաժնողներուն մօտ զայն վկայելու մեր կարողութեամբ:
2. Հաւատքի Տարին, Վատիկանի Բ. Ժողովի բացումէն յիսուն տարիներ ետք, կը հրաւիրէ մեզ ընելու այնպէս որ ամբողջ Եկեղեցին՝ ժամանակակից աշխարհի մէջ իր ներկայութեան, ժողովուրդներու եւ ազգերու մէջ իր առաքելութեան վերանորոգ գիտակցութիւն մը ունենայ: Առաքելական նկարագիրը աշխարհագրական հողամասերու խնդիր մը չէ միայն, այլ ժողովուրդներու, մշակոյթներու եւ անձերու, որովհետեւ հաւատքին «սահմանները» միայն բնակավայրերէն եւ մարդկային աւանդութիւններէն չեն անցնիր, այլ ամէն մարդու եւ ամէն կնկայ սիրտերէն: Վատիկանի Բ. Ժողովը յատուկ կերպով ընդգծեց միսիոնարական պարտականութիւնը եւ հաւատքին սահմանները ընդարձակելու պարտականութիւնը ամէն մկրտեալի եւ բոլոր քրիստոնեայ հասարակութիւններուն սեփականութիւնը դարձնելու կերպը. «քանի որ Աստուծոյ Ժողովուրդը կ'ապրի հասարակութիւններու մէջ, մանաւանդ թեմական եւ ժողովրդապետական, ուստի եւ այս հասարակութիւններուն մէջ է որ կերպով մը տեսանելի կը դառնայ, հետեւաբար, հասարակութիւններուն պարտականութիւնն է Քրիստոսի վկայութիւն տալ ազգերուն առջեւ» (Ad Gentes  n. 37):
Հետեւաբար, ամէն հասարակութիւն կանչուած է եւ հրաւիրուած է իրը դարձնելու Յիսուսին կողմէ իր Առաքեալներուն տրուած պատուէրը, որպէսզի իր «վկաները ըլլան Երուսաղէմի, Հրէաստանի եւ Սամարիայի մէջ, մինչեւ աշխարհի ծայրամասերը» (Գործք 1, 8), ոչ որպէս քրիստոնէական կեանքին երկրորդական մէկ երեսը, այլ որպէս էական մէկ երեսը: Բոլորս ղրկուած ենք աշխարհի ճամբաներուն վրայ՝ մեր եղբայրներուն հետ քալելու համար, քարոզելով եւ վկայելով մեր հաւատքը Քրիստոսին եւ ըլլալով անոր Աւետարանին հռչակողը: Կը հրաւիրեմ Եպիսկոպոսները, քահանաները, ժողովրդապետական եւ հովուական Խորհուրդները, ամէն անձ եւ Եկեղեցիէն  ներս ամէն պատասխանատու խմբակ՝ իրենց հովուական եւ կազմաւորումի ծրագիրներուն մէջ կարեւորութիւն տալու առաքելական  ծաւալին, գիտնալով որ իր անձնական հովուական յանձնառու-թիւնը ամբողջական չէ, եթէ չ'ընդգրկեր ազգերուն առջեւ, «բոլոր ժողովուրդներուն դիմաց Քրիստոսի վկայութիւնը տալու» դիտաւորութիւնը: Առաքելական նկարագիրը միայն յայտագրային ծաւալ մը չունի քրիստոնէական կեանքին մէջ, այլ ան գործնական ծաւալ մըն է, որ կը վերաբերի քրիստոնէական կեանքի բոլոր երեսներուն:
3. Յաճախ, աւետարանումի գործը արգելքներու կը հանդիպի ոչ միայն դուրսը, այլ եկեղեցական հասարակութենէն ներս ալ: Երբեմն, եռանդը, ուրախութիւնը, քաջութիւնը, յոյսը զորս ի գործ կը դնենք բոլորին հռչակելու համար Քրիստոսի պատգամը եւ մեր ժամանակի մարդոց օգնելու համար որ Անոր հանդիպին՝ տկար են: Երբեմն, ոմանք տակաւին կը խորհին որ Աւետարանի Ճշմարտութիւնը տարածելը կը նշանակէ ազատութեան դէմ բռնութիւն բանեցնել: Պօղոս Զ. այս մասին լուսաւոր խօսքեր ունի. «Մեր եղբայրներու խղճին որեւէ բան պարտադրելը սխալ մը պիտի ըլլար: Սակայն, բոլորովին տարբեր բան է աւետարանական ճշմարտութիւնը եւ Յիսուս Քրիստոսով փրկութիւնը ամենայն յստակութեամբ եւ կատարելիք ազատ ընտրանքներուն հանդէպ բացարձակ յարգանքով՝ այդ խղճին առաջարկելը.....ասիկա ի պատիւ ազատութեան է» (Առաքելական Յորդոր Evangelii Nuntiandi n. 80): Միշտ քաջութիւնը եւ ուրախութիւնը պէտք է ունենանք յարգանքով առաջարկելու Քրիստոսի հետ հանդիպումը, Անոր Աւետարանը կրողը ըլլալու: Յիսուս մեր մէջ եկաւ ցոյց տալու համար փրկութեան ճամբան եւ մեզի ալ տուաւ առաքելութիւնը զինք բոլորին ճանչցնելու, մինչեւ աշխարհիս ծայրամասերը: Յաճախ կը տեսնենք որ բռնութիւնը, սուտը, սխալն է որ լուսարձակի տակ կը դրուին եւ կ'առաջարկուին:
Մեր ժամանակաշրջանին, ստիպողական է ծանուցումին եւ վկայութեան ընդմէջէն շողացնել Աւետարանին բարի կեանքը եւ ասիկա՝ Եկեղեցիէն ներս իսկ, որովհետեւ, այս հեռանկարով, կարեւոր է չմոռնալ ոեւէ աւետարանումի համար հիմնական սկզբունք մը. կարելի չէ Քրիստոսը հռչակել առանց Եկեղեցւոյ: Աւետարանումը երբեք մեկուսի, անհատական, անձնական արարք մը չէ, այլ եկեղեցային: Պօղոս Զ. կը գրէր որ «Երբ ամէնէն շուքի տակ մնացած քարոզիչը, քրիստոնէականի ուսուցիչը կամ հովիւը, ամէնէն հեռաւոր երկրին մէջ, Աւետարանը կը քարոզէ, իր փոքր հասարակութիւնը կը համախմբէ կամ խորհուրդ մը կը մատակարարէ, նոյնիսկ առանձին, Եկեղեցւոյ մէկ գործն է որ կը կատարէ»: Ան կը գործէ «ոչ թէ ինքն իրեն տուած մէկ առաքելութեան համաձայն, կամ անձնական ներշնչումով, այլ Եկեղեցւոյ առաքելութեան հետ միասին եւ անոր անունով» (Ibid. n. 60): Եւ ասիկա ոյժ կու տայ առաքելութեան եւ ամէն առաքեալի եւ աւետարանողի կը զգացնէ որ երբեք առանձին չէ, այլ մաս կը կազմէ Սուրբ Հոգիին կողմէ ոգեշնչուած մէկ մարմնի մը:
4. Մեր ժամանակաշրջանին, տարածուած շարժունակութիւնը, եւ «նոր հաղորդամիջոցներուն» ընծայած հաղորդակցութեան դիւրութիւնը միախառնեցին ժողովուրդները, գիտելիքները, փորձառութիւնները։ Աշխատանքի պատճառներով, ամբողջ ընտանիքներ կը տեղափոխուին մէկ ցամաքամասէն միւսը։ Արուեստագիտական եւ մշակութային փոխանակումները, որոնց կը յաջորդեն զբօսաշրջութիւնը եւ համանման երեւոյթներ, կը յառաջացնեն  մարդոց լայնածիր տեղաշարժ մը։ Երբեմն, նոյնիսկ ժողովրդապետական հասարակութիւններուն համար դժուար է ապահով կերպով եւ խորապէս ճանչնալ անոնք՝ որոնք  այցելու են կամ անոնք որոնք տեղւոյն վրայ կայուն կերպով կ'ապրին։ Բաց աստի,  աւանդականօրէն քրիստոնեայ շրջաններու օր ըստ օրէ աւելի ընդարձակ գօտիներուն մէջ կ'աւելնայ թիւը անոնց՝ որոնք հաւատքէն հեռու են, կրօնական ծաւալին անտարբեր են կամ ոգեւորուած են տարբեր հաւատալիքներով։ Միւս կողմէն,  հազուադէպ չէ որ կարգ մը մկրտեալներ զիրենք հաւատքէն հեռացնող կեանքի ընտրանքներ կատարեն, այս կերպով անհրաժեշտ դարձնելով իրենց «նոր աւետարանումի» առարկայ դառնալը։ Այս բոլորին վրայ կու գայ աւելնալու այն իրողութիւնը, որ մարդկութեան կարեւոր մէկ մասը տեղեակ չէ Յիսուս Քրիստոսի Բարի Լուրէն։
Կ'ապրինք տագնապալի ժամանակաշրջան մը, որ կ'ընդգրկէ  կեանքին զանազան մարզերը, ոչ միայն տնտեսութեան, ելեւմուտքի, սննդական ապահովութեան, կենսոլորտի մարզերը, այլ նաեւ կեանքի խոր իմաստը եւ  զայն ոգեշնչող հիմնական արժէքները։ Մարդկային գոյակցութիւնը եւս յատկանշուած է տագնապներով եւ հակամարտութիւններով, որոնք անապահովութիւն եւ կայուն խաղաղութեան մը ճանապարհը գտնելու դժուարութիւն կը յառաջացնեն։ Այս բարդ կացութեան մէջ, ուր ներկայի եւ ապագայի հորիզոնը յատկանշուած ըլլալ կը թուի սպառնալից ամպերով, աւելի ստիպողական է իւրաքանչիւր իրավիճակէն ներս քաջութեամբ տանիլ Քրիստոսի Աւետարանը, որ կը հանդիսանայ յոյսի, հաշտութեան, հաղորդութեան աւետում մը, Աստուծոյ, անոր  ողորմութեան, անոր փրկագործութեան մօտիկութեան աւետում մը, աւետում մը այն իրողութեան որ Աստուծոյ սիրոյն զօրութիւնը կրնայ յաղթել չարիքին եւ առաջնորդել դէպի բարիքի ճանապարհը։ Ժամանակակից մարդը պէտք ունի իր ճամբան լուսաւորող ապահով լոյսի մը, որ միայն Քրիստոսի հետ հանդիպումը կրնայ պարգեւել։ Մեր վկայութեամբ եւ  սիրով այս աշխարհին տանինք հաւատքին պարգեւած յոյսը։
Եկեղեցւոյ առաքելական նկարագիրը նորադարձութիւն մը չէ, այլ կեանքի վկայութիւն մը, որ կը լուսաւորէ ճանապարհը, որ  յոյս եւ սէր կը պարգեւէ։ Անգամ մը եւս կը կրկնեմ, որ Եկեղեցին բարեսիրական կազմակերպութիւն մը, հիմնարկ մը կամ ոչ կառավարական կազմակերպութիւն մը (ONG) չէ, այլ հասարակութիւն մը  Սուրբ Հոգիով տոգորուած մարդոց, որոնք ապրեցան եւ կ'ապրին Յիսուս Քրիստոսի հետ հանդիպման սքանչացումը եւ խոր ուրախութեան այս փորձառութիւնը կ'ուզեն կիսել, կիսել Տիրոջ կողմէ մեզի բերուած փրկութեան պատգամը։ Սուրբ Հոգին է, որ Եկեղեցին կ'առաջնորդէ այս ճամբուն վրայ։
5. Կ'ուզեմ բոլորդ քաջալերել դառնալու Քրիստոսի Բարի Լուրը աւետողներ եւ երախտապարտ եմ յատկապէս միսիոնարներուն, հաւատքի պարգեւ (fidei donum) քահանաներուն, կրօնաւորներուն եւ կրօնաւորուհիներուն, աշխարհական հաւատացեալներուն (որոնց թիւը երթալէն կ'աճի), որոնք՝ ընդառաջելով Տիրոջ կոչին, կը հեռանան իրենց սեփական հայրենիքէն՝ Աւետարանին ծառայելու համար տարբեր երկիրներու եւ մշակոյթներու մէջ։ Բայց նաեւ կ'ուզեմ ընդգծել թէ նոյնինքն երիտասարդ Եկեղեցիներ ներկայիս ինչքան առատաձեռնօրէն կը ստանձնեն առաքեալներու ուղարկումը դժուարութեան մէջ գտնուող Եկեղեցիներուն եւ հազուադէպ չէ որ ասոնք հին քրիստոնէական Եկեղեցիներ ըլլան։ Այս կերպով անոնք կը տանին այն թարմութիւնն ու եռանդը, որոնցմով կ'ապրին հաւատքը՝ որ կը վերանորոգէ կեանքը եւ կը յուսադրէ։ Տիեզերական այս շունչով ապրիլ՝ ընդառաջելով Յիսուսի յանձնարարութեան՝ «գացէ՛ք եւ աշակերտեցէ՛ք բոլոր ազգերը» (Մատթ 28, 19),  հարստութիւն մըն է ամէն յատուկ Եկեղեցիի, ամէն հասարակութեան համար եւ առաքեալներ տալը երբեք կորուստ մը չէ, այլ շահ։
Կոչ կ'ընեմ բոլոր այս կոչումը զգացողներուն առատաձեռնօրէն պատասխանելու Սուրբ Հոգիին ձայնին, համաձայն իրենց կեանքի պայմանին, եւ չվախնալու Տիրոջ հետ առատաձեռն ըլլալէ։ Կը հրաւիրեմ նաեւ Եպիսկոպոսները, կրօնաւորական ընտանիքները, հասարակութիւնները եւ բոլոր քրիստոնէական խմբաւորումները պայծառատեսութեամբ եւ ուշադիր զանազանութեամբ զօրավիգ կանգնելու դէպի ազգերը (ad gentes) առաքելական կոչին եւ օգնելու քահանաներու, կրօնաւորներու եւ կրօնաւորուհիներու, ինչպէս նաեւ աշխարհականներու պէտք ունեցող Եկեղեցիներուն՝ զօրացնելու համար քրիստոնէական հասարակութիւնը։ Ասիկա ուշադրութեան առարկայ պէտք է ըլլայ նաեւ եպիսկոպոսական միեւնոյն համաժողովի մը կամ միեւնոյն շրջանի մը մաս կազմող Եկեղեցիներէն ներս. կարեւոր է որ կոչումներով աւելի հարուստ Եկեղեցիները առատաձեռնութեամբ օգնեն անոնց, որոնք կը տառապին կոչումներու պակասէն։
 Նաեւ կը յորդորեմ առաքեալները, մասնաւորաբար հաւատքի պարգեւ (fidei donum) քահանաները եւ աշխարհականները ուրախութեամբ ապրելու իրենց թանկագին ծառայութիւնը այն Եկեղեցիներուն մէջ, ուր կը ղրկուին, եւ իրենց ուրախութիւնը ու փորձառութիւնը տանելու այն Եկեղեցիներուն ուրկից կու գան, յիշելով որ ինչպէս Պօղոս եւ Բառնաբաս իրենց առաքելական առաջին ճամբորդութեան աւարտին  «սկսան տեղեկացնել ամէն ինչ որ Աստուած ըրած էր իրենց հետ, եւ ինչպէս  հեթանոսներուն առջեւ բացած էին հաւատքի դռները» (Գործք 14, 27)։  Անոնք  կրնան դառնալ հաւատքի տեսակ մը «վերականգնումի» միջոցներ, փոխանցելով  երիտասարդ Եկեղեցիներուն թարմութիւնը, որպէսզի հին քրիստոնէութեան Եկեղեցիները վերագտնեն հաւատքը կիսելու խանդավառութիւնը եւ ուրախութիւնը փոխանակումի մը մէջ՝ որ փոխադարձաբար հարստացնող է  Տիրոջ առաջնորդող ճամբուն վրայ։
 Բոլոր Եկեղեցիներուն հանդէպ հոգատարութիւնը՝ զոր Հռոմի Եպիսկոպոսը կը բաժնէ իրեն  եղբայրակից  Եպիսկոպոսներուն հետ, կարեւոր իրագործում մը  կ'արձանագրէ այն «առաքելական քահանայապետական գործերուն» մէջ, որոնց նպատակն է իւրաքանչիւր մկրտեալին եւ իւրաքանչիւր հասարակութեան առաքելական  գիտակցութիւնը ոգեւորել եւ խորացնել,  որքան  Աստուծոյ Ժողովուրդին առաքելական ամէնէն խոր կազմաւորումին անհրաժեշտութիւնը յիշեցնելով, նոյնքան քրիստոնէական հասարակութիւններուն դիւրազգացութիւնները սնուցանելով, որպէսզի օգնեն Աւետարանի սփռումին աշխարհի մէջ։
Եւ վերջապէս, մտածենք այն քրիստոնեաներուն մասին, որոնք աշխարհի տարբեր մասերու մէջ, իրենց հաւատքը բացէ ի բաց քարոզելու եւ զայն ազատօրէն ապրելու իրաւունքը ընդունիլ տալու դժուարութեան մէջ կը գտնուին: Ասոնք մեր եղբայրներն ու քոյրերն են, քաջ վկաներ – աւելի բազմաթիւ քան առաջին դարերու նահատակները – որոնք առաքելական յարատեւութեամբ կը տոկան հալածանքի ներկայ տարբեր ձեւերուն: Բազմաթիւ են անոնք՝ որոնք նոյնիսկ իրենց կեանքը կը վտանգեն հաւատարիմ մնալու համար Քրիստոսի Աւետարանին: Կ'ուզեմ վստահեցնել որ աղօթքով մօտիկ եմ այն անձերուն, ընտանիքներուն եւ հասարակութիւններուն, որոնք կը տոկան բռնութեան եւ անհանդուրժողութեան եւ անոնց կը կրկնեմ Յիսուսի մխիթարական խօսքերը. «Քա՛ջ եղէ՛ք: Ես աշխարհին յաղթեցի» (Յովհաննէս 16, 33):
Բենեդիկտոս ԺԶ. կը յայտարարէր. «Թող Տիրոջ խօսքը շարունակէ իր երթը եւ փառաբանուի» (2 Տիմ 3, 1): Թող այս Հաւատքի Տարին աւելի ամուր դարձնէ մեր Տիրոջ Քրիստոսի հետ յարաբերութիւնը, «քանի որ միայն անոր մէջ կը գտնուի դէպի ապագան նայելու վստահութիւնը եւ հարազատ ու տեւական սիրոյ մը երաշխիքը» (Առաքելական Թուղթ Դուռն Հաւատոյ, թիւ 15): Ասիկա է մաղթանքս այս տարուան Առաքելութեանց Համաշխարհային Օրուան համար: Բոլոր սրտովս կ'օրհնեմ առաքեալ միսիոնարները եւ բոլոր անոնք, որոնք կ'աջակցին եւ կը զօրակցին Եկեղեցւոյ այս հիմնական յանձնառութեան՝ որպէսզի Աւետարանի հռչակումը հնչէ երկրի բոլոր անկիւնները եւ որպէսզի մենք, որպէս Աւետարանի պաշտօնեաներ եւ առաքեալներ ապրինք «աւետարանելու քաղցր եւ սփոփարար» փորձառութիւնը (Պօղոս Զ. Առաքելական Յորդոր Evangelii Nuntiandi, թիւ 80)»:

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ