Sermons Sermons
Ուրբաթ, 21 Մարտ 2008 - Աւագ Հինգշաբթի−Ս. Խաչ Եկեղեղի

Լիբանան

20 Մարտ 2008ին,կէսօրէ ետք ժամը 5:00ին, Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Ոտնլուայի հանդիսաւոր արարողութիւն, որ կատարեց Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը, եւ օրուան առիթով փոխանցեց հետեւեալ պատգամը. 

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,

 
Այսօր կը սկսի Սուրբ Զատկուայ Եռօրեան: Այսօր՝ Աւագ Հինգշաբթի երկու կարեւոր խորհուրդներ կÿոգեկոչենք՝ Քահանայութեան հիմնադրութիւնը եւ Սուրբ Հաղորդութեան Խորհուրդը: Յիսուս չմատնուած, մեզի ձգեց եղբայրսիրութեան ոսկիէ աւանդ մը, որ կոչեց՝ «Նոր պատուիրանը», կատարելով ոտնլուայի խոնարհ ծառայութիւնը, որ գերիներուն յատուկ գործն էր: Աւագ Հինգշաբթի օրը կը ներփակէ մեծ խորհուրդներ եւ կը լրանայ Խաւարման Գիշերի հոգեպարար արարողութեամբ, յիշատակելով Յիսուսի հոգեվարքը Ձիթենեաց լեռը:
Մեծ անձկութեամբ համակուած, Յիսուս կը խնդրէ իր աշակերտներէն որ հսկեն, մինչ ինք կÿաղօթէ : Իրենց կÿըսէ. «Հոգիս տխուր է ի մահ: Մնացէ՛ք այստեղ եւ հետս հսկեցէ՛ք» (Մտթ. 26,38): Բայց աշակերտները քնացան: Այսօր ալ Տէրը մեզի կÿըսէ. Հետս հսկեցէ՛ք եւ աղօթեցէ՛ք: Դժբախտաբար մենք ալ՝ Յիսուսի այսօրուայ աշակերտները, յաճախ Յիսուսէն աւելի մեր հանգիստը կը նախընտրենք:
Սիրելիներ, խորհեցէ՛ք պահ մը Յիսուսի ցաւագին վիճակին մասին: Ինք որ կը հրամայէր հովին ու ծովին եւ իրեն կը հնազանդէին: Ինք որ աշակերտներուն կÿապսպրէր «մի վախնաք» ըսելով, հիմա ինք տխրութեան եւ անձկութեան մատնուած է՝ «Հոգիս տխուր է ի մահ»: Ին՞չ է պատճառը: Յիսուս կÿաղօթէ եւ կÿըսէ. «Հա՛յր, եթէ ուզես, հեռացու՛ր ինձմէ այս բաժակը» (Ղկ. 22,42): Բաժակ կը նշանակէ բոլոր այն չարչարանքները որ Յիսուս պիտի կրէր, այսինքն աշխարհի բոլոր մեղքերը, եւ որ հիմա ժայրի նման կը ճնշէին իր սրտին վրայ: Յիսուս ճշմարիտ մարդ էր: Յիսուսին համար, Գեթսեմանիի պահը եղաւ լքումի եւ առանձնութեան սարսափելի պահ մը, որուն յաջորդեց ձերբակալութիւնը եւ Գողգոթայի ցաւագին ճանապարհը:
Սուրբ Յովհաննէս աւետարանիչը այսպէս կը նկարագրէ այսօրուայ խորհուրդը. «Յիսուս սիրեց իրենները որ աշխարհի մէջ էին, սիրեց զանոնք ի սպառ» (Յովհ. 13,1): Աստուած անհուն կերպով մարդիկ կը սիրէ: Մեղանչելէն ետքն ալ զանոնք կը սիրէ եւ բնաւ զիրենք չի լքեր: Զանոնք կը սիրէ մինչեւ վերջ՝ ի սպառ կը սիրէ: Այդ աստիճան Յիսուս մեզ կը սիրէ, որ կը թողու աստուածային փառքը, կը մարմնանայ մարդու կերպարանք առնելով, աշակերտներուն առջեւ կը մերկանայ եւ կը հագնի ծառայի հագուստը: Ոչ միայն, այլ դեռ աւելի կը ցածնայ՝ անոնց առջեւ ծունկի գալով կը լուայ անոնց աղտոտ ոտքերը: Այս ընելով, Յիսուս կը յայտնէ իր անհուն սէրը մարդոց հանդէպ: Միմիայն սէրը կրնայ մեզ լուալ մեր աղտեղութենէն եւ մեզ մօտեցնել Աստուծոյ: Սյդ սիրով, Յիսուս շարունակ կերպով մեղաւորները կը մաքրէ ապաշխարութեան խորհուրդին միջոցաւ: Մինչեւ աշխարհի կատարածը, Յիսուս պատրաստ պիտի գայ մարդոց ոտքերը լուալու իրենց յանցանքներէն, զանոնք արժանի դարձնելու սուրբ Հաղորդութեան սեղանին: Անոր սէրը անսպառելի է, ծայր աստիճան մարդիկ կը սիրէ: Ոչ մէկ մեղք Աստուծոյ ողորմութենէն աւելի զօրաւոր է: Կը բաւէ անկեղծօրէն զղջալ եւ Աստուծոյ ողորմութիւնը խնդրել:
Լուացումէն ետք, Յիսուս աշակերտներուն կÿըսէ. «Դուք մաքուր էք, սակայն ոչ ամէնքդ» (Յովհ. 13,11): Այս խօսքերով, Յիսուս կը յայտնէ Յուդային մերժումը աստուածային սիրոյ: Յուդայի քարացած սիրտը մեզի մտածել կու տայ թէ քանի անգամներ մենք ալ մերժեցինք Յիսուսին սէրը, մերժեցինք զղջումը: Ճիշդ է որ Աստուծոյ սէրը անսահման է, բայց մարդը կրնայ անոր սահման դնել՝ զայն մերժելով, քանի որ Աստուած մեր ազատութիւնը կը յարգէ: Հոն է մարդու ազատութեան խորհուրդը: Հոն է որ մարդը կրնայ ճակատիլ Աստուծոյ դէմ եւ Անոր ըսել՝ «ո՛չ», չեմ ուզեր հետեւիլ քու պատուիրաններուդ՝ չեմ ուզեր վստահիլ քեզի, այլ դրամին: Չեմ ուզեր աղօթել, այլ աշխատիլ: Չեմ ուզեր ուրիշներուն ծառայութիւն մատուցանել, այլ ծառայութիւն եւ պատիւ ընդունիլ: Չեմ ուզեր ներել ինծի վնաս հասցնողներուն եւ ինծի դէմ խօսողներուն: Ես ալ անոնց դէմ պիտի խօսիմ եւ փոխ վրէժս պիտի առնեմ իրենցմէ, եւ ուրիշ այլ մերժումներ:
«Դուք մաքուր էք, սակայն ոչ ամէնքդ»:
Ին՞չ բան մարդը անմաքուր կը պահէ: Մարդուն ամբարտաւանութիւնը, որ կը մղէ զինք խորհելու թէ ինք պէտք չունի Աստուծոյ, թէ ինք սխալ չի գործեր ուրիշներուն պէս, թէ ինք պէտք չունի մաքրուելու: Հետեւաբար եւ անմաքուր կը մնայ: Յուդային համար միայն յաջողութիւնը եւ իշխանութիւնը արժէք ունէին: Սէրը կարեւորութիւն չուներ: Յուդայ դրամասէր էր: Իրեն համար աւելի կարեւոր էր դրամը քան թէ Յիսուսին բարեկամութիւնը: Յուդայ ստախօս դարձաւ ու կեղծաւորութեամբ կÿապրէր Յիսուսի եւ առաքեալներուն հետ: Յուդայ կարծրասիրտ ու անխիղճ ալ դարձաւ եւ Յիսուս դրամով մատնեց: Իբր արդիւնք, Յուդայ անկարող եղաւ դարձի գալու՝ անառակ որդիի նման, յուսահատեցաւ իր կեղտոտ կեանքէն եւ անոր վերջ տուաւ անձնասպանութեամբ: Քանիներ Յիսուսի խումբին մաս կը կազմէին, յետոյ կամաց կամաց սկսան կեղծաւորութեամբ ապրիլ, հեռացան իրմէ եւ դարձան դրամասէր, ստախօս եւ անխիղճ՝ Յուդայի նման: Այս է վիճակը անոնց որ Յիսուսէն կը հեռանան:
Ոտնլուայէն ետք, Յիսուս առաքեալներուն կÿըսէ. «Օրինակ մը տուի ձեզի, որպէսզի ինչ որ ես ձեզի ըրի, դուք ալ նոյնը ընէք իրարու» (Յովհ. 13,15): Եւ կը բացատրէ ըսելով. «Դուք ալ պարտիք իրարու ոտքերը լուալ» (Յովհ. 13,14): Գործնականապէս, ին՞չ ըսել է «իրարու ոտքերը լուալ»: Ամէն բարիք որ կÿընես ուրիշին, յատկապէս տառապողներուն եւ նուազ գնահատուած անձերուն, կարելի է նկատել որպէս ոտնլուայի ծառայութիւն: Ոչ միայն, այլ Յիսուս մեզ կը պատրաստէ աւելի մեծ խոնարհութեան, այսինքն իրեն պէս կարող ըլլալու ուրիշներուն մերժումը ընդունիլ, առանց բնաւ յուսահատելու՝ ինչ որ դիւրին չէ: «Իրարու ոտքերը լուալ» կը նշանակէ մանաւանդ՝ իրարու ներել յանցանքները «եօթանասուն անգամ եօթ» անգամ, այսինքն միշտ, նոյնիսկ երբ, մեր հասկացողութեամբ, ներելը երեւի անօգուտ կամ վնասակար մեր շահերուն: Ասիկա ալ դիւրին չէ: Բայց դժուար բաները անկարելի չեն: Համոզուած քրիստոնեաները դժուար բաներ ալ կը կատարեն, շնորհքի ուժով անշուշտ եւ ոչ թէ իրենց սեփական ուժերով: Դուք ալ կրնաք նոյնը ընել:
Յոյժ սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, Տէրը մեզ կը մաքրէ մեր մեղքերէն, որովհետեւ մեզ կը սիրէ, եւ որպէսզի համարձակութիւնը ունենանք մօտենալու իրեն եւ իրեն հետ միանալու սուրբ Հաղորդութեան միջոցաւ: Սիրելիներ, հաւատքով ճաշակեցէք Անոր սուրբ մարմինը եւ սուրբ արիւնը եւ վայելեցէք անոր ներկայութիւնը ձեր կեանքին մէջ: Սիրելիներ, Աստուծոյ աղաչե՛նք, որ մեզի ամենուս շնորհէ իրեն հետ միշտ միացած ըլլալու յաւիտենական կեանքին մէջ. Ամէն:  


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ