Շաբաթ, 13 Օգոստոս 2011 - Համաշխարային Երիտասարդներու Օրուան (JMJ Madrid 2011) ծրագիրներ


Մատրիտ

16-էն մինչեւ 21 Օգոստոս 2011 տեղի պիտի ունենայ Համաշխարային Երիտասարդներու Օրը Սպանիոյ Մատրիտ քաղաքին մէջ:
Միլիոնաւոր երիտասարդներ աշխարհի չորս ծագերէն կը պատրաստուին մասնակցելու այս եղելութեան, թէ աղօթքներով եւ թէ իրենց ուխտերով, եւ ունին իրենց սրտին մէջ վերանորոգումի փափաքներ: Արդէն Սպանիա ժամանած են 30.000 կամաւոր աշխատողներ բոլոր երկիրներէն ու քաղաքներէն, որպէսզի իրենց մասնակցութիւնը բերեն թէ ապահովութեան, թէ թարգմանչական, ինչպէս նաեւ տեղեկատուական գրասենեակներու մէջ գործելու եւ ուղղելու բոլոր ուխտաւորներն ու մասնակցողները այս տօնակատարութեան:
Նշենք թէ այս կամաւոր աշխատողներէն ոմանք պիտի բնակին համալասարաններու մէջ, իսկ ուրիշներ զիրենք ընդունող ու հիւրընկալող սպանացի ընտանիքներու մօտ: Ինչպէս նաեւ պէտք է յիշել թէ շատ մը սպանացի պատանիներ կազմակերպեցին շատ մը հանդէսներ հաւաքելու համար գումարներ որպէսզի ապահովեն բոլոր ճամբորդական ծախսերն ու պէտքերը անկարող երիտասարդներուն, որոնք փափաքը ունին մասնակցելու այս դէպքին: 

2011-ի Համաշխարային Երիտասարդաց Օրուան յայտագիրը հետեւեալն է՝

Երեքշաբթի 16 Օգոստոս
Առաւօտեան ժամը 8:00-ին, ժամանում Մատրիտ:
Երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համաշխարային Երիտասարդներու Օրուան բացման պիտի պատարագէ Մատրիտի արքեպիսկոպոս կարդինալ Վարելա իրեն հետ պիտի մասնակցին եպիսկոպոսներ ու վարդապետներ:

Չորեքշաբթի 17 Օգոստոս
Առաւօտեան ժամը 10:00-ին տեղի պիտի ունենայ քրիստոնէական դասընթացք եկեղեցիներու, դպրոցներու, սրահի եւ մարզական կեդրոններու մէջ:

Հինգշաբթի 18 Օգոստոս
Առաւօտեան ժամը 10:00-ին, քրիստոնէական դասընթացք:
Ժամը 12:00-ին, սրբազան քահանայապետին ժամանումը Մատրիտ:
Երեկոյեան ժամը 7:30-ին, բարի գալստեան արարողութիւն ի պատիւ սրբազան քահանայապետին՝ կազմակերպուած երիտասարդներու կողմէ:
Երեկոյեան ժամը 9:30-ին, տեղի պիտի ունենայ զետեղում Մատրիտի բոլոր ճամբաներուն վրայ 12 Աստուածամօր նկարները՝ ընտրուած աշխարհի տարբեր շրջաններէ:

Ուրբաթ 19 Օգոստոս
Առաւօտեան ժամը 10:00-ին, քրիստոնէական դասընթացք:
Առաւօտեան ժամը 11:30-ին, երիտասարդ կրօնաւորներու հարդիպում սրբազան քահանայապետին հետ:
Ժամը 12:00-ին, սրբազան քահանայապետը հանդիպում պիտի ունենայ 1000 երիտասարդ համալսարանական դասախօսներու հետ:
Երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Ճանապարհ Խաչի, որ պիտի կատարուի Սպանիոյ մէջ գտնուող բոլոր սրբապատկեր ունեցող արձաններու դիմաց, որոնք մէկ տեղ զետեղուեցան այս տօնակատարութեան համար:

Շաբաթ 20 Օգոստոս
Առաւօտեան ժամը 10:00-ին, նորընծաներու համար պատարագ:
Ժամը 4:00-ին կ.ե. նախապատրաստում նախատօնակի: Աղօթքներ, վկայութիւններ, երգեր ու փառաբանութիւններ, եւայլն...:
Երեկոյեան ժամը 7:40-ին, սրբազան քահանայապետին այցը սուրբ Յովհաննէս հիւանդանոց (order of S.John Of God):
Երեկոյեան ժամը 8:30-ին, նախատօնակ սրբազան քահանայապետին հետ ինչպէս նաեւ զետեղում Սրբութիւն Բազմոցի մինչեւ ուշ գիշեր:

Կիրակի 21 Օգոստոս
Առաւօտեան ժամը 9:30-ին, Համաշխարային Երիտասարդներու Օրուան փակման պատարագ ինչպէս նաեւ յայտարարութիւն յաջորդ Համաշխարային Երիտասարդներու Օրուան վայրին անունին:
Երեկոյեան ժամը 5:30-ին, կամաւոր աշխատողներու հանդիպում Սրբազան քահանայապետին հետ :
Ժամը 18:30-ին, հրաժեշտի արարողութիւն Սրբազան քահանայապետին հետ:
Օրակարգին մէջ կան նաեւ մշակութային ծրագիրներ ինչպէս ելոյթներ, խաղեր, թանգարանի այցելութին, ցուցադրումներ եւայլն...:

Հետեւեցէ'ք յաջորդաբար Համաշխարային Երիտասարդներու Օրուան նորութիւններուն եւ լուրերուն մեր կայքէջին վրայ:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ