Հինգշաբթի, 23 Փետրուար 2012 - Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ընդունեց հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտի տնօրէն՝ Հայկ Դեմոյեանը

Պէյրութ

Հինգշաբթի, 23 փետրուար 2012-ին, առաւօտեան ժամը 11-ին, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ընդունեց Ծիծեռնակաբերդի հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանը եւ տնօրէնին տեղակալ Սուրէն Մանուկեանին։ Հանդիպման ներկայ գտնուեցան հայոց ցեղասպանութեան 100 ամեակի հայ կաթողիկէ պատրիարքական յանձնաժողովի անդամներ՝ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան, տեարք՝ Ռաֆայէլ Ումուտեան, Սարգիս Նաճարեան, Կրէկուար Գալուստ եւ տէր Կարապետ քհնյ. Թադէոսեան։

Հանդիպման ընթացքին, Հայկ Տէմոյեան ներկայացուց հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտի գործունէութեան ուղղութիւնները եւ ցեղասպանութեան ճանաչման գծով կատարուելիք աշխատանքները նոր մօտեցումով։ Ան այս գծով շեշտեց միասնականութեան կարեւորութեան վրայ եւ միաժամանակ ցեղասպանութեան յիշողութիւնը պատշաճօրէն փոխանցելու նոր սերունդներուն։

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ներկաներուն տեղեկացուց հայոց ցեղասպանութեան 100 ամեակի հայ կաթողիկէ պատրիարքական յանձնաժողովի աշխատանքներուն մասին։ Այս շրջագիծին մէջ, հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան ներկայացուց 100 ամեակի նուիրուած լոկոյի մը նախագիծը, որ պիտի ուղղարկուի կեդրոնական յանձնախումբին։

Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ