Երեքշաբթի, 4 Յունիս 2013 - Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կը հրաւիրէ Պապը յիշատակելու Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը

Վատիկան

Երկուշաբթի, 3 յունիս 2013, առաւօտեան ժամը 11.30-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յատուկ ունկնդրութիւն շնորհեց ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին, որուն ընկերակցող պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Անարատ Յղութեան հայ քոյրերու ընդհանուր մեծաւորուհի մայր Եւդոքսիա Քէշիշեան, Քահանայապետական. Լեւոնեան հայ վարժարանի մեծաւոր հայր Գէորգ ծ.վ. Նորատունկեան, փոխ-տեսուչ՝ հայր Գրիգոր վրդ. Պատիշահ, մի քանի հաւատացեալներ, ինչպէս նաեւ հայ եւ օտար հաղորդամիջոցներու ներկայացուցիչներ։

Պատուիրակութեան անդամները ընդունելէ առաջ, Սրբազան Քահանայապետը եւ ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ունեցան առանձնակի զրոյց մը, որուն ընթացքին,  ընդհանուր ակնարկով մը անդրադառնալէ ետք հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մասին, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը Սրբազան Քահանայապետէն խնդրեց, որ Սուրբ Աթոռը հանդիսաւորապէս մասնակցի Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի յիշատակումին, եւ այս առիթով քահանայապետական յորդոր մը ուղղէ համայն քրիստոնեաներուն, ներկայացնելու համար 1915-ի Մեծ Եղեռնի նահատակներուն վկայութիւնը: Հոգեւոր Տէրը խնդրեց նաեւ որ Վատիկանի պետութիւնն ալ մասնակցի այս հարիւրամեակի յիշատակութեան դրոշմաթուղթերու հրատարակութեամբ: Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը յատկապէս հայցեց Սրբազան Քահանայապետին օրհնութիւնը համայն հայ ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ Հայ Կաթողիկէ Սիւնհոդոսի անդամներուն համար: Սրբազան Քահանայապետը իր կարգին յատուկ ուշադրութիւն ցուցաբերեց Հոգեւոր Տիրոջ խնդրանքներուն հանդէպ, շեշտելով յատկապէս մարդու իրաւունքներու ու մարդկային արժէքներու պաշտպանութեան կարեւորութիւնը Եկեղեցւոյ համար:

Այս մտերմիկ հանդիպումէն ետք, Հոգեւոր Տիրոջ ընկերացող պատուիրակութիւնը ներկայացաւ Սրբազան Քահանայապետին եւ աջահամբոյրէն ետք,  հայ կաթողիկէ հաւատացեալներուն անունով Անոր նուիրեց պրոնզեայ «Խաչելութիւն» մը, որուն հեղինակն է լիբանանահայ արուեստագէտ՝ Րաֆֆի Թոգաթլեան:  Իր խօսքին մէջ, Սրբազան Քահանայապետը նշեց թէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը «20րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնն է», եւ յորդորեց ներկաները աշխատելու միշտ Եկեղեցւոյ եւ ազգին միութեան ի նպաստ, ապրելով համերաշխութեամբ եւ ընդդիմանալով սատանային փորձութիւններուն:
Նշենք նաեւ, որ երեքշաբթի, 4 յունիսի առաւօտեան, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը հրաւիրուեցաւ համապատարագելու Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հետ Սանդա Մարթայի մատրան մէջ, Վատիկան: Այս Պատարագին մասնակցեցաւ նաեւ Հոգեւոր Տիրոջ գաւազանակիր՝ Տէր Աւետիք վրդ. Յովհաննէսեան:
  

http://m.youtube.com/#/watch?v=1p1Pu1EyAsQ&hl=it&gl=IT&client=mv-google

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ