Երկուշաբթի, 17 Յունիս 2013 - Կիրակնօրեայ Խօսքը. Բամբասանքին Ու Չարախօսութեան` Ո՛չ, Բիւրիցս Ո՛չ…


Սիրելի՛ ընթերցող, առաջին աւետարանիչը կը պատմէ մեզի Յիսուսի առաքելագործ կեանքէն դրուագ մը (Մտթ. 12, 1-8), որ մեր առօրեային հետ սերտ կապակցութիւն ունի:
Շաբաթ օր էր: Շրջագայութենէն յոգնած էին թէ՛ Վարդապետը եւ թէ՛ աշակերտները: Հոն ներկայ առաքեալը կը շեշտէ. «Աշակերտները անօթեցած էին»:
Առաւել, թէ՛ Վարդապետը եւ թէ՛ աշակերտներն աղքատ էին, համարեա ընչազուրկ: Ուստի «ցորենի արտերէն» անցած ատեն անոնք «սկսան հասկեր փրցնել եւ ուտել» (Մտթ. 12, 1):
Այս բանը աղքատին թոյլատրուած է օրէնքին մէջ (Ե.Օ. 23, 26): Գործ չէր նկատուեր «հասկ փրցնել»: Դաշտային ամէն աշխատանք արգիլուած էր «շաբաթ օրով» (Ել. 34, 21):
Փարիսեցիները, սակայն, այդ ինքնակոչ արդարներն ու օրինապահները, անցեալին եւ ներկային մէջ, որոնք միշտ պատրաստ էին եւ են քննադատելու դիմացինը, գանգատեցան Յիսուսին.«Տե՛ս, ի՞նչ կ՛ընեն աշակերտներդ, բան մը, որ արտօնուած չէ շաբաթ օրով» (Մտթ. 12, 2):
Երբ մարդու միտքը պղտորած է ինքնահաւանութենէն ու նախանձէն, անոր աչքն ալ կը մթագնի եւ անոր բերանը կը սեւցնէ, քանի անոր սիրտը լեցուն է մախանքով ու գրգռութեամբ:
Այսպիսի անհատ մը շատ հեռու է իրականութենէն, լաւատեսութենէն ու ճշմարտախօսութենէն, որոնք, իրենց կարգին, զայն կ՛անգոսնեն եւ կ՛արտաքսեն իրենց ծիրէն:
Ինքնահաւանը կը տեսնէ իր եսը լոկ: Անոր համար կոյր է: Նախանձոտը կը սիրէ իր անձը միայն: Անոր համար չար է: Կոյր ինքնատեսը խորխորատին մէջ կ՛իյնայ: Չար անձնասէրը կը մերժուի «յերկնուստ»:
Այսպիսի անձեր են փարիսեցիները` անցեալին ու ներկային մէջ, որոնք «հասկ փրցնել» կը մեծցնեն եւ կը դարձնեն «ցորեն հնձել», որպէսզի աւելի լիացնեն իրենց յագուրդն անյագ զրպարտութեան ու անկուշտ բամբասացութեան:
Այսպիսի անձեր են փարիսեցիները` անցեալին ու ներկային մէջ, որոնց դէմ կը ծառանայ Քրիստոս` պաշտպանելու համար չարախօսուածները եւ արդարացնելու համար կարծեցեալ «յանցագործները»…
Մեծխօսիկները, որոնք իրենք զիրենք ամենագէտ եւ ամենատես հռչակած են եւ այսպէս կը կենցաղավարին ուրիշներու հետ, շուտով կ՛իյնան իրենց լարած թակարդին մէջ, քանի կը մոռնան Աստուածային Իմաստունին ոսկեղէն կանոնը. «Ի՛նչ կ՛ուզէք, որ մարդիկ ընեն ձեզի, դուք ալ նոյնն ըրէ՛ք անոնց: Եւ ի՛նչ կ՛ուզէք, որ մարդիկ խօսին ձեր մասին, դուք ալ նոյնը խօսեցէ՛ք անոնց մասին» (հմմտ. Մտթ. 7, 12):
Օրինապահութեան պատրուակով օրէնքը պաշտպանել ջանացողները կը դիմակազերծէ Յիսուս. «Մի՛ դատէք, որպէսզի չդատուիք: Ի՛նչ դատաստանով որ դատէք, նոյնով դուք պիտի դատուիք: Ի՛նչ չափով կը չափէք, նոյնով դուք պիտի չափուիք: Ինչո՞ւ կը նայիս շիւղին, որ եղբօրդ կամ քրոջդ աչքին մէջն է եւ չես տեսներ գերանը, որ մխուած է քու աչքիդ մէջ» (Մտթ. 7, 1-4):
Միջանկեալ յիշեցնեմ երեք այս ժողովրդական առածները: «Իւրաքանչիւրը թող աւլէ իր դրան առջեւ. այն ատեն մաքուր կը մնայ թէ՛ իր անձին եւ թէ՛ ուրիշին համար»: «Բամբասանքը առանց թեւի կը թռչի»: «Բամբասողը օձի լեզու ունի. առանց բամբասելու` անոր օրը օր չէ»:
Նորէն միջանկեալ յիշեցնեմ Վահան Թէքէեանի հարցում-պատասխանը.«Կեանքէն ինծի ի՞նչ մընաց. Ինչ որ տըւի ուրիշին, տարօրինա՜կ, ա՛յն միայն»: Բայց անշուշտ, ո՛չ բամբասանքը, այլ` «խանդաղատանք մը ծածուկ, օրհնութիւններ անիմաց»:
Իբր թէ օրէնքին անունով բամբասողներուն օրէնքին անունով կը պատասխանէ Յիսուս Վարդապետը, որուն սուրբգրային հմտութեան մասին կը սքանչանար ժողովուրդը (Յվհ. 7,15), այսպէս նաեւ փաստելով անոնց տգիտութիւնը Աստուածաշունչին գիտելիքներուն մէջ. «Չէ՞ք կարդացած, ի՛նչ ըրաւ Դաւիթ, երբ անօթեցաւ, եւ` ընկերները: Ինչպէ՛ս մտան Աստուծոյ տունը եւ ինչպէ՛ս կերան ընծայման հացը, զոր ո՛չ ինքն եւ ո՛չ ընկերները ուտելու իրաւունք ունէին, այլ` միայն քահանաները» (Մտթ. 12, 3-4):
Իր պաշտպանող եւ արդարացնող պատասխանին մէջ Յիսուս կը դիմէ նաեւ բանականութեան, երբ կը տրամաբանէ. «Շաբաթը եղած է մարդուն համար, եւ ո՛չ մարդը` շաբաթին» (Մրկ. 2, 27):
Շաբաթը ո՛չ ինքնանպատակ է, ո՛չ նպատակակէտ է, այլ կանոնադրուած է մարդուն բարիքին համար, «այնպէս որ Մարդու Որդին», Յիսուս Քրիստոս, որ «Անդրանիկն է իր բազմաթիւ եղբայրներուն մէջ» (Հռմ. 8, 29), ոչ միայն «տէրն է նոյնիսկ շաբաթ օրուան» (Մրկ. 2, 28), այլ նաեւ «Տաճարէն աւելի մեծն է» (Մտթ. 12, 6):
Յիսուսի` Պաշտպանողին եւ Արդարացնողին սուր դիմադարձութեան երրորդ կէտն է յիշեցումը Տիրոջ խօսքին. «Ողորմութիւնը կ՛ուզեմ եւ ո՛չ զոհը» (Մտթ. 12, 7):
Մեր զոհէն աւելի` Յիսուս կ՛ուզէ մեր ողորմածութիւնը մեր դիմացինին հանդէպ:
Մեր պաշտամունքէն աւելի` Յիսուս կը պահանջէ մեր գործօն եղբայրասիրութիւնը:
Մեր ընծայումէն աւելի` Յիսուս մեզի կը հրահանգէ մարդասիրութիւնը:
Ողորմածը չի բամբասեր. Յիսուս եւ ընկերը պէտք չունին մեր բամբասանքին` պարզապէս ի նպաստ մեզի լոկ: Որ մենք ալ չդատուի՜նք Դատաւորէն…:
Եղբայրասէրը կ՛արդարացնէ. Յիսուս եւ ընկերը պէտք ունին մեր արդարացումին` պարզապէս ի նպաստ մեզի լոկ: Որ մենք ալ արդարացուի՜նք Դատաւորէն…
Մարդասէրը կը պաշտպանէ. Յիսուս եւ ընկերը պէտք ունին մեր պաշտպանութեան` պարզապէս ի նպաստ մեզի լոկ: Որ մենք ալ պաշտպանուի՜նք Դատաւորէն…
Դատաւորն է Յիսուս Քրիստոս Թագաւորը (Մտթ. 25, 34), որ կը յայտարարէ արար աշխարհին.«Ի՛նչ որ ըրիք ուրիշին, ինծի՛ ըրիք, եւ ի՛նչ որ խօսեցաք ուրիշին մասին, ի՛մ մասիս խօսեցաք (հմմտ. Մտթ. 25, 31-46): Երանի՜ ողորմածներուն, որովհետեւ անոնք պիտի գտնեն Աստուծոյ ողորմութիւնը» (Մտթ. 5, 7):

Այնճար, 9 յունիս 2013
ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ