Չորեքշաբթի, 7 Սեպտեմբեր 2011 - «Յառաջ պիտի տանիմ քրիստոնէական հաւատքն ու ազգապահպանումի աշխատանքը» ըսաւ Մուրատեան եպիսկոպոսը


«Յառաջ պիտի տանիմ  եղբայրակից վարդապետներուս հետ քրիստոնէական հաւատքն ու ազգապահպանումի աշխատանքը» ըսաւ Մուրատեան եպիսկոպոսը

Հիւսիսային Ամերիկայի հայ կաթողիկէ թեմի նոր առաջնորդ արհիապատիւ հայր Միքայէլ եպս. Մուրատեան հարցազրոյց մը ունեցաւ Ռատիօ Վատիկանի հայերէն բաժնին հետ։ Գերապայծառ տէրը նախ յայտնեց որ Հռոմ կը գտնուի Արեւելեան Եկեղեցիներու ժողովի կարդինալի հրաւէրով մասնակցելու համար նոր եպիսկոպոսներու համար յատուկ կազմակերպուած ժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ 7-էն 16 սեպտեմբեր 2011։ Ապա անդրադարձաւ իր քահանայական կոչումին եւ առաքելութեան մասին Միջին Արեւելքի ու Հայաստանի մէջ, մինչեւ իր եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը այս տարւոյն յուլիսին։

Մուրատեան եպիսկոպոսը պարզեց Ամերիկայի հայ կաթողիկէ թեմին ներկայ համայնապատկերը եւ մարտահրաւէրները, հաստատելով թէ որպէս հովիւ յառաջ պիտի տանի իր եղբայրակից վարդապետներուն հետ իրենց յանձնուած ժողովուրդը, քրիստոնէական հաւատքին ու ազգապահպանութեան մէջ։ Ան հաստատեց, որ մեկնելով իր եպիսկոպոսական առաքելութեան նշանաբանէն՝ ‏«Պահէ բարի աւանդը սուրբ Հոգիին միջոցաւ որ կը բնակի մեր մէջ» (սուրբ Պօղոս առաքեալի խօսքերէն), պիտի փոխանցէ Քրիստոսի յարութեան բարի լուրը նոր սերունդներուն, հաստատ պահելու համար հայ ազգը քրիստոնէական հաւատքին մէջ։

Յիշենք, որ արհի. հայր Միքայէլ եպս. Մուրատեանին գահակալութիւնը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 2 հոկտեմբեր 2011-ին։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ