Զմմառ
7 Յուլիս 2009ին, կէսօրէն առաջ, Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը ընդունեց Զահլէի նորընտիր երեսփոխան Տիար Շանթ Չինչինեան: Հանդիպումին ներկայ եղաւ Զմմառու Վանքի Մեծաւորը՝ Գերպ. Հ. Միքայէլ Թ.Ծ.Վրդ. Մուրատեան:
Շուրջ 30 վայրկեան տեւած հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան ընդհանրապէս լիբանանահայութեան եւ մասնաւորաբար Զահլէի հայութեան դիմագրաւած խնդիրները եւ զանոնք բարելաւելու միջոցառումները, յատկապէս վերաշխուժացնելով Զահլէի Հայ Համայնքը: Այս կապակցութեամբ, Ամեն. Հոգեւոր Տէրը շեշտեց լիբանանահայութեան միացեալ ճիգերով գործելու եւ միասնաբար հանդէս գալու կարեւորութիւնը:
Ամեն. Հոգեւոր Տէրը Տիար Չինչինեանին նուիրեց Արք. Նազլեանին հաստափոր գիրքը նուիրուած 1915-ի ցեղասպանութեան: