Չորեքշաբթի, 17 Մարտ 2010 - Հոգեւոր Տէրը հիւրընկալեց «Ճինիշեան» հիմնարկի ընդհանուր տնօրէնը


Պէյրութ, Լիբանան

 

dj46646
Երեքշաբթի
, 16 Մարտ 2010-ին, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ընդունեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին մէջ, «Ճինիշեան» մարդասիրական հիմնարկի ընդհանուր տնօրէն՝ Սառա Թոտը, ընկերակցութեամբ Լիբանանի «Ճինիշեան» հիմնարկի տնօրէն՝ Սեդա Փամպուքեանի։

 

«Ճինիշեան» մարդասիրական հիմնարկի ընդհանուր տնօրէնը Հոգեւոր Տիրոջ փոխանցեց մտահոգութիւնները եւ դժուարութիւնները, որ ներկայիս կը դիմագրաւեն համաշխարհային տնտեսական տագնապին պատճառաւ։ Հիմնարկի պատասխանատուները հետեւաբար յայտնեցին թէ յաջորդ ժամանակաշրջանին աւելի սեղմ վարքագիծ պիտի որդեգրուի ընդհանուր գործունէութեան պարագային։

 

Հոգեւոր Տէրը իր կողմէն ողջունեց եւ գնահատեց «Ճինիշեան» մարդասիրական հիմնարկի կատարած բեղուն աշխատանքը, որ կը մեկնի մասնաւորապէս քրիստոնէական արժէքներէ։ Ան նաեւ յոյս յայտնեց թէ այս հիմնադրամը շարունակէ իր առաջնահերթ օժանդակութիւնը Միջին Արեւելքի հայահոծ գաղութներուն։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ