Պէյրութ
Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը սուրբ Ծննդեան առիթով Հայրապետական սուրբ Պատարագ պիտի մատուցանէ եւ օրուան պատգամը պիտի փոխանցէ «սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ սուրբ Եղիա» աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, Տեպպաս հրապարակ, հինգշաբթի, 25 Դեկտեմբեր 2014, առաւօտեան ժամը 10.00-ին։
Սուրբ Ծննդեան եւ Ամանորի առիթով, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը շնորհաւորութիւնները պիտի ընդունի Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ հետեւեալ օրերուն.
Հինգշաբթի 25 Դեկտեմբեր ժամը 12.00 - 13.30 եւ 16.30 - 19.00։
Ուրբաթ 26 Դեկտեմբեր ժամը 16.30 - 19.00։
Հինգշաբթի 1 Յունուար 2015 ժամը 16.30 - 19.00։
Ապա Յունուար 6-ին Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը պիտի պատարագէ «Սուրբ Փրկիչ» եկեղեցւոյ մէջ առաւօտեան ժամը 10.00-ին:
Դիւան
Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան